Լոյս տեսած է «Վէմ» հանդէսի 2021 թուականի առաջին թիւը 375 էջի ծաւալով, որ կապուած է երկու կարեւոր իրադարձութիւններու` 16 (18) Մարտ 1921-ի Մոսկուայի պայմանագիրին եւ հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի 15 Մարտի 1921-ի արդարահատոյց գործողութեան 100-ամեակներու առիթով վերլուծական ու փաստաթղթային նիւթերու մեծ փաթեթներու տպագրութեան:

Իւրաքանչիւրին յատկացուած մօտաւորապէս` 50-55 էջերը թոյլ կու տան փրոֆէսոր Արարատ Մ. Յակոբեանին` իրականացնելու Մոսկուայի 16 (18) Մարտ 1921-ի պայմանագիրի մասին մեր հասարակութիւնը յուզող մօտաւորապէս 12 վիճելի հարցերու սպառիչ քննութիւնը: Իսկ Երուանդ Գ. Փամպուքեան նոր բացայայտումներ  կատարած է 15 Մարտի 1921-ի արդարայատոյց գործողութեան մասին` Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներէի Տպագրութեան Ընթացքին», «Յուսաբերի»ի խմբագրութեան եւ Քազապլանքայի մէջ գտնուող հայ վրիժառուին 1951-1953 թուականներուն նամակներու համեմատութեան միջոցով: Մեր վաստակաշատ ընկերոջ ուշադրութենէն չէ վրիպած այն իրողութիւնը, որ «Վերյիշումներ»ու պրակներու փոխանակութեան ընթացքին Ս. Թեհլիրեանի ձեռագիրով կատարուած ուղղումներուն մէկ մասը անտեսուած է, ուստի  ի յայտ եկած են անհամապատասխանութիւններ, որոնք պէտք է շտկուին յաջորդ տպագրութիւններուն մէջ: Այս համբերատար ու մանրակրկիտ աղբիւրագիտական աշխատանքը թոյլ  տուած է պարզելու գործողութեան պահուն (Ս. Թեհլիրեանի բնորոշմամբ` «սատկելու վայրկեանի») նկարագրութեան մէջ «Վերյիշումներ»ու տպագիր օրինակին մէջ առկայ թերութիւններն ու բացթողումները:

Գիտագործնական կարեւոր նշանակութիւն ունի երիտասարդ մշակութաբան Արմինէ Հ․ Տիգրանեանի կողմէն արցախահայութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան իրաւական ձեւաչափերու ուսումնասիրութիւնը: Հեղինակը ներկայացուցած է միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը ու անոնք ամփոփող որոշակի փաստաթուղթերը, որոնց միջոցով յառաջիկային պէտք է ծաւալի մեր պայքարը` արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնումին համար:

Երիտասարդ պատմագէտ Գէորգ Ա․ Ճաղարեան «Վէմ» հանդէսի 2021-ի առաջին թիւն մէջ շարունակած է Թոմաս Քարլայլի «Հհերոսներու, Հերոսապաշտութեան եւ Պատմութեան Մէջ Հերոսականի Մասին» կոթողային աշխատութեան քննութիւնը, որ կը բացայայտէ հերոսականութեան մեր ընկալման ակունքներուն մէջ առկայ  գաղափարները, որոնք շոտլանտացի մեծ պատմագէտէն ժամանակին օգտուած է ՀՅԴ հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեան, իսկ իրմէ ալ իր աշակերտը` Գարեգին Նժդեհը: Հերոսներու տիպաբանութեան` ժամանակի ու միջավայրի հետ ունեցած խորքային կապի մասին Թոմաս Քարլայլի բացայայտումները խիստ արդիական են Արցախեան վերջին պատերազմէն վերջ ուժի եւ ուժի գործօնի մասին մեր ներկայ հայեացքներու վերաքննութեան համար: Որովհետեւ մեր կուսակցութեան հիմնադիրները առաջնորդուած են շատ աւելի լայն ու գիտականօրէն հիմնաւորուած հայեցակարգով` Քարլայլի «Հերոսներու, Հերոսապաշտութեան եւ Պատմութեան Մէջ Հերոսականի Մասին» երկի դրոյթներով:

«Վէմ» հանդէսի 2021-ի առաջին թիւին մէջ տեղ գտած են նաեւ այլ ուշագրաւ հրապարակումներ: