Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Հալէպի հիւսիսային արուարձանի Շաուաղրա եւ Այն Տաքնա գիւղերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը աւելցուց, որ նախօրօք Հալէպի հիւսիսային արուարձանէն Մարէհ գիւղին մէջ թրքական ուժերուն եւ քրտական ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով երեխայ մը զոհուեցաւ։