Երեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամէհ Շուքրի «RT» պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց Սուրիոյ Արաբական Լիկայի վերադարձին անհրաժեշտութիւնը։ Շուքրի ըսաւ. «Յոյսով ենք, որ Սուրիան իր նախկին կայուն եւ ապահով իրավիճակը կը վերականգնէ եւ Սուրիոյ ժողովուրդը իր բնականոն կեանքին կը վերադառնայ» ։ Նախագահական ընտրութիւններուն անդրադառնալով Շուքրի ըսաւ. «Միա՛յնՍուրիոյ ժողովուրդը իրաւունք ունի է իր ապագան ուրուագծելու եւ ժողովուրդն է որ իրեն ներկայացնող կառավարութիւնը պիտի ընտրէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն»։