Երեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէի հիւսիս արեւմտեան Ռաս ուլ Այն քաղաքի Նասիրիէ շրջանին մէջ, ուր կայք կը հաստատեն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, թրքական ուժերը ականապատուած ինքնաշարժ մը պայթեցուցին, որուն հետեւանքով ահաբեկիչներ սպանուեցան եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։ Թրքական ուժերուն կայք հաստատած շրջանները մինչեւ օրս բեմ կը դառնան պայթումներու, սպանութիւններու եւ առեւանգումներու, որոնց հետեւանքով հարիւրաւոր քաղաքացիներ կը զոհուին եւ շրջանը կ՛ենթարկուի ահաւոր քանդումի, իսկ քաղաքացիները պարտադրաբար կը լքեն իրենց բնակարանները եւ ապահով շրջաններ կը փոխադրուին։