Երեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիական Վառելանիւթի Ընկերութեան նորոգութեան բաժինի տնօրէն Իսա Իսա յայտնեց, որ ընկերութիւնը ներկայիս կը սերտէ նահանգներու իւրաքանչիւր քաղաքացիի յատկացուած 20 լիթր պենզինի քանակը աստիճանաբար աւելցնել յառաջիկայ օրերուն, քաղաքացիներուն պահանջին համաձայն։ Իսա յայտնեց, որ պենզինի պահանջներուն նամակներով պատասխանելու կարգը դրական արդիւնք ունեցաւ եւ պենզինի կայաններուն մէջ ստեղծուած խճողումը վերացաւ։