«Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին իմքայլական պատգամաւորներուն` Նիկոլ Փաշինեանին ծափահարելուն  ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգեց, որ ինչեր տեսած էինք, ծափ տուող ուսապարկ չէինք տեսած: Անամօթ մարդիկ են, որոնք կը ծափահարէին դաւաճանին, իսկ դաւաճանին ծափահարողը նոյնպէս դաւաճան է:

Երբ  դիտարկուեցաւ, որ Փաշինեանը նախկին ԳՇ պետ Օննիկ Գասպարեանը մեղադրած է քաղաքական գործընթացներուն խառնուելով, սակայն ինչպէս  յայտարարեց Էտմոն Մարուքեան, Օննիկ Գասպարեան Փաշինեանի ցուցումով, Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգեց.

«Գործ ունինք խաբեբայ մարդու հետ, որ որեւէ փաստ կրնայ 180 աստիճան շրջուած կերպով ներկայացնել եւ մեղադրել բոլորը:Ես կը զարմանամ, որ որեւէ մէկը կը զարմանայ անոր ցինիկ ելոյթներուն, իր ոչ մէկ ըսած լրջօրէն պէտք չէ ընդունիլ: Գործ ունինք անամօթ մարդու հետ, որուն նպատակն է մեր երկիրը վերջնականապէս տանել կործանման»:

Հարցումն` արդեօ՞ք նաեւ ընդդիմութիւնը՝ ՀՓՇ-ն մեղաւոր չէ, որ հայրենիքի զգալի հատուածը թշնամիին յանձնելէ վերջ  «Իմ Քայլը»` ի դէմս Նիկոլ Փաշինեանին, կը պահէ իր իշխանութիւնը` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ.

«Բոլորս  թերացած ենք, որ Փաշինեանը այսօր իշխանութեան վրայ է, բայց կը կարծեմ  քիչ  մնացած է»:

Իսկ թէ այս իրավիճակին ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ ընտրութիւններու ընթացքը, զրուցակիցը դիտել տուաւ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կարելի է ընտրութիւնները չդառնան ստեղծուած իրավիճակի լուծման միջոց, այլ աւելի խորացնեն ճգնաժամը: