«Երկիր».-15 Ապրիլին տեղի  ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի մարդու իրաւունքներու խախտումներու հետաքննութեան յանձնաժողովին նիստը: Հանդիպումին, որ վարած է Պուրսայէն պատգամաւոր Հաքան Չաւուշօղլուն, քննարկուած է յանձնաժողովին զեկոյցը, որ, ըստ թուրքերուն, «կ’արտացոլէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի կողմէն մարդու իրաւունքներու խախտումները»:

Նշուած է, որ «Հանդիպումներ եղած են հայկական բանակի կողմէն ատրպէյճանական Կէանջա, Թարթառ եւ Պարդա քաղաքներու գնդակոծութեան հետեւանքով զոհուած խաղաղ բնակիչներու հարազատներուն հետ» եւ տեղեկութիւններ հաւաքուած է լիազօրուած անձերէ. «Երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին հայկական բանակը համակարգուած խախտած էր միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը, կիրառած էր արգիլուած զէնքեր, ներառեալ` ֆոսֆորային արկեր, դիտաւորեալ կրակած էր բնակավայրերու, գերեզմանատուներու, դպրոցներու, առողջապահական հիմնարկներու, մշակութային յուշարձաններու ուղղութեամբ»:

Ընդգծուած է, որ Հայաստանը ռազմական յանցագործութիւն  կատարած է:

Թուրքերը նաեւ յայտնած են, որ 44-օրեայ պատերազմը անհանգստութիւն յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ քաղաքացիներու շրջանին մէջ, հայկական համայնքի վրայ ճնշում չէ գրանցուած: Կանխուած են որոշ լրատուամիջոցներուն կողմէ իրականացուող սադրանքները, եւ դրական  գնահատուած են կառավարութեան կողմէ հայ քաղաքացիներու անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցները: