ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ Կիրակի, 25 Ապրիլ 2021-ին, համալսարան կը վերադառնան կառավարական եւ անձնական համալսարաններու եւ հիմնարկներու ուսանողները։
Նախարարոութիւնը շրջաբերականով համալսարաններու տնօրէնութեանց յանձնարարեց երկրորդ կիսամեակի դասաւանդման ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկել եւ որոշ թելադրանքներ տուաւ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու գծով։
Յիշենք, որ 3 Ապրիլ 2021-ին, Նախարարութիւնը համալսարաններու եւ հիմնարկներու աշխատանքը կասեցուց մինչեւ 17 Ապրիլ 2021, որմէ ետք արձակուրդը երկարաձգեց մինչեւ 28 Ապրիլ 2021։