20 Ապրիլին ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն․ Թուրքիոյ Պատասխանատուութիւնը Երէկ Եւ Այսօր» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում,  որ կը վարէր ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս, Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր փրոֆէսոր Աշոտ Մելքոնեան:

Կլոր սեղան-քննարկումին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան յայտնեց, որ պէտք է զգօն ըլլալ, որ որեւէ իշխանութիւն Հայաստանի մէջ եւ որեւէ կառավարութիւն դուրսը չհամարձակի խնդրոյ առարկայ դարձնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը․

«Ուրախ ենք նշելու, որ շատ երկիրներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են վերջին 5 տարուան մէջ: Այս յաջողութեան համար պարտական ենք մեր ժողովուրդի յամառ պայքարին աշխարհով մէկ, եւ, այդ պատճառով, ամէն տեսակի բացթողում, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ, թէ դուրսը այս հարցը նսեմացնելու, հարուած է բոլորիս դէմ: Պէտք է նկատել ամէնէն կարեւոր ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիր, որուն ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը մեր բոլորի մտքի եւ խղճի պարտքն է», ըսաւ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան:

ՀՅԴ-ի համար Հայ Դատի ոլորտը, բնականաբար, կարեւորագոյն ոլորտներէն է, որուն լծուած է իր համաշխարհային կառոյցով` դիտել տուաւ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Երկար տարիներ տարբեր անուանումներով գործելէ վերջ , ի վերջոյ, այսօր եկած է Հայ Դատի յանձնախումբերի եւ գրասենեակի սահմանումին:

Աշխարհով մէկ աշխատանքը ծաւալած է` կեդրոնական գրասենեակներ ունենալով ԱՄՆ-ի մէջ երկու մասնաճիւղերու` Նիւ-Եորք-Պոսթըն առանցքը, ինչպէս նաեւ Լոս Անճըլըսի շրջանային յանձնախումբերը, Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը, Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակը, Միջին Արեւելքի կեդրոնական գրասենեակը եւ Եւրոպայի կեդրոնական գրասենեակը:

Այս կեդրոնական գրասենեակներուն շուրջ համախմբուած են 35 շրջանային յանձնախումբեր տարբեր երկիրներու մէջ: ՀՅԴ Բիւրոն կը մշակէ ընդհանուր ռազմավարութիւնը, ապա յանձնախումբերը մարտավարական առաջադրանքը կը կատարեն ըստ տեղական պայմաններու եւ առաջնահերթութիւններու:

Յակոբ Տէր-խաչատուրեան ըսաւ, որ ՀՀ անկախութենէն վերջ Հայ Դատի սահմանումը ունի 4 հիմնական ոլորտներ:

Առաջինը եւ ամենակարեւորը անկախութենէն յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան իրազեկման` լոպպինկի, աշխատանքներն են աշխարհով մէկ, Արցախի Հանրապետութեան լոպպինկի աշխատանքն է, որուն մէջ, բնականաբար, մաս կը կազմէ ինքնորոշման իրաւունքի տարածման խնդիրը, եւ, ուր որ կարելի  է, Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը:

Երկրորդը դասական օրակարգն է` Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդում եւ պահանջատիրութեան էջը:

«Այս ուղղութեամբ մեր նախաձեռնութիւնն է շուրջ 2,5 տարի առաջ ստեղծել Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական իրաւական կեդրոն, որուն հիմնական նպատակը Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը ուսումնասիրելն է եւ տեսնելը, թէ, մանաւանդ Եւրոպայի դաշտի մէջ, ինչ կարելի է ընել, որպէսզի այդ իրաւական բաժինը յառաջ մղենք: Նաեւ զբաղի Արցախի ճանաչման իրաւական հիմքերով», ըսաւ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան:

ՀՅԴ Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական իրաւական կեդրոնը այսօր զբաղած է նաեւ գերիներու վերադարձի հարցով, եւ Եւրոպայի մէջ դատ  բացած է Հայաստանի իրաւական փաստաբանական խումբի մը հետ, որպէսզի գերիներու վերադարձի պարտադրանքը ՀՀ կողքին նաեւ ինք աջակցի, որ դառնայ իրականութիւն:

Երրորդ գլուխը կը վերաբերի հայապատկան հողերու վրայ գտնուող հայութեան իրաւունքներու խնդրին, ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ըլլայ  Արեւմտեան Հայաստանի, թէ այլ երկիրներու մէջ` տեղ-տեղ որպէս ազգային փոքրամասնութիւն, տեղ-տեղ որպէս իրաւական հիմք ունեցող համայնք այդ իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով:

«Միջին Արեւելքի մէջ հայութիւնը ունի յատուկ իրաւունքներ, որ ժառանգած է Օսմանեան կայսրութենէն վերջ  ստեղծուած պետութիւններու մէջ: Այդ իրաւունքներու հետապնդումն է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, ազգային փոքրամասնութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն է պոլսահայութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տարուող աշխատանքները, Ջաւախքի պարագան եւ Սփիւռքի մէջ նաեւ հայակերտումի խնդիրը»,բացատրեց Յակոբ Տէր-խաչատուրեան:

Ան յայտնեց, որ իրենց համար հայապահպանումը ունեցածը պահպանելն է, իսկ հայակերտումը վերադարձի խնդիրը:

«Մենք այսօր ուրախ ենք տեսնելու, որ շատ շրջաններու մէջ, ուր կորուսեալ հայեր ունէինք, կամ անուանապէս մնացած հայեր, որոնք անունով ու ազգանունով միայն հայ էին, այսօր բաւական մեծ թիւով վերադարձ կայ դէպի հայութիւն, դէպի իրենց մշակոյթը, լեզուն, մէկ խօսքով` դէպի իրենց արմատները: Այս օտարախօս երիտասարդութիւնը մեր շուրջ հաւաքելու, անոնց Հայաստանի եւ հայութեան դատին լծելու աշխատանքն է նաեւ, որ մաս կը կազմէ այս երրորդ ոլորտին», ըսաւ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան:

Իսկ չորրորդ հիմնական ոլորտը կը վերաբերի երիտասարդութեան քաղաքականացման խնդրին, որպէսզի տարբեր երկիրներու մէջ Սփիւռքի պարագային կարելի  ըլլայ այդ երիտասարդութեան մղել քաղաքական կեանքի, քանի որ, Յակոբ Տէր-խաչատուրեանի խօսքով, երբեմն անհրաժեշտ է նաեւ բերդը ներսէն գրաւել այդ տարբեր երկիրներու մէջ:

«Եւ ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր տեսնել ձեր ստորագրութիւնները կրող կոչ-խնդրագիրը, որ հասաւ Ուաշինկթըն` բաւական ազդեցիկ փաստաթուղթ հանդիսացաւ: Սպիտակ տունը անդրադարձաւ անոր եւ մենք կ’օգտագործենք այդ իրողութիւնը, որ սա միայն ամերիկեան համայնքի պահանջք չէ, սա համահայկական պահանջ է եւ, շեշտելով ԱՄՆ նախագահի ելոյթը, որ  քանի մը օրէն լոյս պիտի տեսնէ, կայ որոշ լաւատեսութիւն, բայց 100 տոկոսով կանխատեսել, թէ այդ ելոյթին ինչ եզրոյթ կը գործածուի կարելի չէ»,ըսաւ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան: