Ի զօրակցութիւն Սիւնիքի ու յանուն հայրենիքի կոչով քաղաքացիները 21 Ապրիլին հաւաքուած են կառավարական ամարանոցի մուտքին մօտ, ուր սպասած են Սիւնիքի մարզէն վերադարձող Նիկոլ Փաշինեանը:

Գեղամ Մանուկեան հանդէս եկաւ կոչով եւ տեղեկացուց քաղաքացիներուն` Արարատի խճուղիին վրայ ի շարունակութիւն այսօրուան Սիւնիքի ցոյցին, քաղաքացիները  անգամ մը եւս պիտի յիշացնեն, որ «Նիկոլ Փաշինեան հանգիստ պիտի չունենայ Հայոց հողին վրայ»:

«Սիւնիքի մէջ Նիկոլ Փաշինեան փորձեց երեւալ վարչապետ, բայց միակ բանը, որ ըրաւ, կրցաւ ուղղակիօրէն զօրամասերու մէջ քալել, չէր հասկնար` իր դիմաց կեցող զինուորը կը հայհոյէ իրեն եւ կը յիշէ իր հարիւրաւոր զոհուած ընկերները, որոնց նահատակութեան պատասխանատուն այդ հայրենադաւն է», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:

Գեղամ Մանուկեան նաեւ անդրադարձաւ  Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն առ այն, որ Շուռնուխի մէջ 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ նոր տուն կառուցուած էր:

«Հողատուն Սիւնիքի մարզպետարանի մէջ հպարտացած է, թէ Շուռնուխի մէջ առաջին անգամ տուն  կառուցուած է եւ իր հպարտութիւնն է, բայց հայրենադաւը պիտի չի  հասկնայ, որ տուն կը կառուցեն այն մարդոց համար, որոնց տուները մնացին թշնամիին, ոչ ալ կը մտածէ, որ Շուռնուխի մէջ նոր տուն կը կառուցեն  թուրքի սահմանը Շուռնուխ հասած ըլլալուն պատճառով»,ըսաւ Մանուկեան:

Նշենք, որ քաղաքացիները շարունակած են մօտենալ ամարանոցի մուտքը, ուր ստուարացած են  նաեւ ոստիկանական շարասիւնները:

Քաղաքացիները փակած են Նիկոլ Փաշինեանի ճամբան դէպի Երեւան:  Ոստիկանութիւնը Արարատի մայրուղիէն բերման  ենթարկած է Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող  շարք մը քաղաքացիներ:

Պռօշեան-Տէմիրճեան խաչմէրուկին, ուր կը գտնուին կառավարական ամարանոցները, ոստիկանները բռնի ուժով բերման  ենթարկած են ՀՅԴ  քանի մը անդամները:

Ոստիկանները հրմշտոց եւ քաշքշուկ  սկսած են` քաղաքացիները հեռացնելով փողոցի երթեւեկելի մասէն եւ բերման ենթարկած են անոնց:

Բերման ենթարկուած ՀՅԴ անդամները Ոստիկանութեան Կեդրոնի, Կոմիտասի եւ Մալաթիոյ բաժանմունքներուն մէջ եղած են:

Ակնյայտ է, որ Նիկոլ Փաշինեան «թուրք», «դաւաճան» վանկարկումներով շրջանցած է կառավարական առանձնատան գլխաւոր մուտքը եւ այլ մուտքով ներխուժած առանձնատուն:

Քաղաքացիները շարունակած են մնալ կառավարական առանձնատան մուտքին մօտ եւ պահանջած են Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը: