20 Ապրիլին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեանը:

Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր: Կարեւոր համարուած է յետպատերազմական շրջանին Արցախի Հանրապետութեան մէ համազգային ճիգերով վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադարձ  կատարուած է համահայկական ծրագիրներու ընթացքին ու արդիւնքներուն: