«Էրմէնիհապեր».-ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն կը պատրաստուի 24 Ապրիլին պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին տեղեկատուութեամբ ողողուած է ինչպէս ամերիկեան, նաեւ միջազգային մամուլը:

Պայտընի վարչակազմին մօտ  աղբիւրը The New York Times-ին յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Պայտըն իր ուղերձին մէջ պիտի խօսի ոճրագործութեան 106-րդ տարելիցին:

«Ներքին քննարկումներուն լաւատեղեակ պաշտօնեաները յայտնած են, որ նախագահ Պայտըն կը պատրաստուի յայտարարել` կոտորածները ցեղասպանական գործողութիւն եղած: Այս քայլը կ’ազդարարէ, որ ԱՄՆ հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքներուն գերակայ է Թուրքիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները վտանգի ենթարկելու հեռանկարին», կը գրէ պարբերականը:

Ամերիկեան CNN-ի անանուն երկու աղբիւրներ եւս տեղեկացուցած են, որ Պայտըն պաշտօնական յայտարարութեան մէջ պիտի ճանչնայ  ցեղասպանութիւնը:

Լրատուամիջոցը յայտնած է, որ Սպիտակ տունը հրաժարած է մեկնաբանութիւն տալու այս առթիւ: Սպիտակ տան խօսնակ Ճէն Պսակին յայտնած է, որ վարչակազմը այս մասին ըսելիք կ’ունենայ յիշատակի օրը` 24 Ապրիլին: CNN-ը յիշեցուցած է, որ նախագահի թեկնածու Պայտըն խոստացած էր հաւատարիմ մնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յանձնառութեանը:

«24 Ապրիլին, երբ ողջ աշխարհի մէջ տեղի կ’ունենան ոգեկոչման արարողութիւններ, իր յայտարարութեան մէջ Պայտըն ամենայն հաւանականութեամբ պիտի օգտագործէ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը», Reuters-ին ըսած է լաւատեղեակ աղբիւրը:

Ցեղասպանութեան ճանաչման, ի թիւս այլ լրատուամիջոցներու, անդրադարձած է Al-Jazeera-ն` ընդգծելով, որ Պայտընի կողմէն գլխաւորապէս խորհրդանշական բնոյթ ունեցող ճանաչման որոշումը կրնայ աւելի լարել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: