«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»
Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀԱՄՈԶԵԼՈՒ ԱՆՀԵԹԵԹՈՒԹԻՒՆԸ
Աւետիս Ահարոնեանի «Այսքան չարիք…» պատմական պատգամը նոր բովանդակութիւն եւ վերանորոգ հնչեղութիւն զգեցաւ վերջին ամիսներուն, ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմին ու անոր ահաւոր հետեւանքներուն պատճառով, այլ նաեւ ի տես եւ ի լուր այն քարոզներուն, որ Հայաստանի ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ բարձրագոյն բարձրախօսները սկսան տարածել, թէ՝ թուրք-ազերիին հետ կարելի է, պէ՛տք է բանալ բարեկամութեան եւ գործակցութեան էջը: Այս բարի տրամադրութիւնը հրապարակ կը նետուի այն պահուն, երբ անցեալէն եկող լեռնակուտակ անհատոյց պահանջներուն վրայ գումարուած են նորեր: Այլ խօսքով, հայ իշխանաւոր անհատներ ու անոնց շուրջ բոլորուածները, որոնք կը ներկայացնեն մեր պետութիւնը, նոր իմաստ կու տան Ահարոնեանի դարաւոր ահազանգին:
Եթէ տարի մը առաջ, կամ մինչեւ իսկ 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին, մէկը մեզի ըսէր, թէ պիտի գայ օրը, երբ հայ մը պիտի փորձէ համոզել այլ հայ մը, թէ թուրքն ու ազերին մեր դարաւոր թշնամիներն են, թէ՝ մենք չենք եղած թշնամութեան էջը բացողը, այլ անոնց ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, մօտաւորապէս մէկ ու կէս դարէ ի վեր, իբրեւ գլխաւոր գիծ մը ունի հայութեան ու անոր հայրենիքին բնաջնջումը, հաւանաբար քիչ մը թերահաւատութեամբ պիտի լսէինք նման «տեսութիւն», պիտի մտածէինք, որ անոր հեղինակը կա՛մ անծանօթ է մեր դարաւոր ողբերգութիւններուն, կամ ալ… թուրքի վարձկան է (մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք թուրքի վարձկաններ, ազգադաւներ), հետեւաբար՝ անոր ճիգերը դատապարտուած են մնալու անարձագանգ, անվաղորդայն: Եւ սակայն, Ցեղասպանութեան 106-րդ տարեդարձին նախօրեակին ու անոր զուգահեռ, կանգնած ենք աներեւակայելի ու անհաւատալի իրականութեան մը դիմաց, այլ խօսքով, պէտք է վարչապետ Ն. Փաշինեանի ու խմբակիցներուն բացատրութիւն տալ, թէ թուրքին եւ ազերիին հանդէպ մեր թշնամութիւնը ուրկէ՞ ծագած է, ի՞նչ պատմութիւն ունի, ո՞ր քաղաքն ու գաւառը հայկական է եղած «տժգոյն ու դժբախտ» հռչակուելէ առաջ (հո՞ս ալ «զրոյական կէտէ սկսելու» այլանդակ հնարք մը կը ծագի…):
Այս դաժան վիճակը կը ստեղծուի այն պահուն, երբ հայութիւնը, իբրեւ պետութիւն, կուսակցութիւններ, կրօնական միաւորներ եւ ազգը միացնող այլազան հաստատութիւններ պէտք էր ճիգերը լարէր տարբեր տրամաբանութեամբ: Յիշենք. մինչ թուրքին պետական ոճիրներն ու անոնց հետեւանքները ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ  յիշեցնելու, մեր պահանջատիրութիւնը քանի մը քայլ աւելի՛ յառաջ տանելու ճիգերը 100-ամեակէն ասդին նոր թափ եւ հուն առած են քաղաքական-դիւանագիտական-իրաւական գետիններու վրայ (չարհամարհենք մեր ամէնէն մանր յառաջխաղացքն անգամ), ահա կը ստեղծուի վիճակ, ուր պէտք է ՆԵՐՔԻՆ ճակատի վրայ յուշենք եւ հայանուն մարդիկ համոզենք, թէ թուրքն ու ազերին երկար ատենէ ի վեր թշնամի են, Ցեղասպանութիւն կատարած են, մեր հողերը բռնագրաւած են: Կարծէք թէ Ցեղասպանութեան յիշատակումը վերջին 2-3 տարիներուն պարզ արարողակարգի վերածելն ու լուսանցքայնացնելը չէին բաւեր, ահա անհեթեթութիւնը կը նուաճէ նոր գագաթ մը, իբրեւ լծակից ունենալով… կանխահաս ընտրութիւններու նոյնքան այլանդակ որոշումով ստեղծուած աղմուկն ու փոշին (չմոռնանք նաեւ Պսակաւոր ժահրի համաճարակին տիրապետութիւնը): Քիչ մը գիտելիք ու պահանջատիրութեան զգացում ունեցողը թող մտածէ, թէ ընտրութիւններու օրը (եթէ գայ), ինչպէ՞ս կարելի է մինչեւ իսկ մէկ քուէ նետել այս իշխանաւորներուն սնտուկին:
Եւ ի՞նչ է հիմնաւորումն ու արդարացումը՝ նման «նորարարութեան» մը (չենք մոռցած, որ օրին, իբրեւ նորարարութիւն՝ ծափահարուեցան «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», «Արցախի լուծման տարազին պէտք է հաւասարապէս համաձայն ըլլան արցախցիք, ազերիներն ու Հայաստանի ժողովուրդը» եւ նման չնաշխարհիկ տեսութիւններ): Ձախողութեանց ու պարտութեան, հողերու կորուստին առաջնորդողները կը փորձեն իրենք զիրենք արդարացնել, թէ՝ կը հետապնդեն Հայաստանի ապաշրջափակումը, առեւտուրի ճամբաներու բացումը եւ տնտեսութեան վերականգնումը: Եթէ նման բարի նպատակներ հրապարակ նետուէին այնպիսի գօտիի մը մէջ, ուր Ցեղասպանութեան եւ նորագոյն պատերազմի հետքերը դարմանուած ըլլային, տեղ մը բան մը ընդունելի պիտի սեպուէր: Ի դէպ, եթէ յուշակորուստ ունեցողներ կան, արձանագրենք, որ նման տեսութիւններ հրապարակ նետուած էին վերանկախացումէն կարճ ատեն մը ետք, ընդհանրապէս արտաքին ներշնչումներով, իբրեւ թէ տնտեսութիւնն ու առեւտուրը պատմական հանգոյցներու պատանդ չպահելու «տրամաբանութեամբ», սակայն այդ օրերուն ալ եղան իմաստուն եւ հաւասարակշռուած առաջնորդներ, որոնք փաստեցին, թէ թուրքն ու ազերին երբեք ալ թոյլ պիտի չտան, որ Հայաստան հզօրանայ ըստ ցնորամիտներու ցանկութեան. յաջորդ տասնամեակներուն, նաեւ երէկ, Հայաստան-Արցախը հեղձամահ ընելու անոնց գործնական վարքագիծը փաստեց թէ ո՛վ էր իրատեսն ու հեռատեսը: Մեր բարեմիտներուն՝ Ալիեւ ամէն օր կը յիշեցնէ, թէ Զանգեզուրն ու Երեւանը ազերիներուն պատկանած են, զանոնք ալ պիտի գումարէ Արցախէն խլուած գօտիին վրայ, թուրքն ու ազերին յաճախակի դարձուցած են ռազմափորձերը…
Փաստօրէն, երբ անդին թուրքին եւ ազերիին լեռնակոյտ պարտամուրհակները կը մնան անհատոյց, ասդին, անհեթեթութիւնը պարզապէս… արտառոց ոստոստումներ կը կատարէ, երբ վարչապետն ու համախոհները օր մը հանդէս կու գան դրացի-թշնամիներուն հետ գործակցութիւն բանալու, իսկ քանի մը օր ետք՝ գերիներու հարցին չարաշահումն ու պատերազմին ինկած հայ նահատակներուն թողլքած զէնքերուն ու սաղաւարտներուն ցուցահանդէսը թշնամանք որակելու յայտարարութիւններով (վերջինը արդար ու տեղին): Սա ինչպիսի՞ չնաշխարհիկ եւ ապագայապաշտ քաղաքականութիւն է արդեօք եւ զո՞վ շուարումի մատնելու կը միտի (չհարցնենք թէ համբակութեան քանի՞երորդ ապացոյցն է, այն ալ՝ Ցեղասպանութեան 106-ամեակի օրերուն. ժողովուրդը այդքա՞ն ապուշ ու յուշազուրկ կը նկատեն):
Ողբերգական անհեթեթութեան մէկ այլ երեսն ալ այն է, որ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի՝ կան բարեմիտ հայորդիներ, որոնք կը սիրեն տուայտիլ երեք տարի առաջ իրականացած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ստեղծած պատրանքին մէջ, չեն ուզեր փոշիի հատիկ մը տեսնել այս իշխանաւորին ու խմբակին մօրուքին վրայ, կարծէք թէ արցախեան հողերու կորուստը (թէ ինչ պայմաններով՝ այստեղ չկրկնենք), բազմահազար երիտասարդներու գերեզմանումն ու վիրաւորուիլը, նիւթական հսկայական վնասներն ու գաղթականներու բանակները բաւարար փաստեր չըլլային նոր ողբերգութեանց: Մարդ որքա՞ն խուլ ու կոյր պէտք է ըլլայ, հաճոյք առնէ խաբուելէ ու ինքնախարազանումէ, որ մոռնայ այս բոլորը, անտեսէ Ահարոնեանի ահազանգը. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»
ԱՆԿՈՒՄԷ ԱՆԿՈՒՄ
6 տարի առաջ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, բիւրեղացաւ այն մտածողութիւնը, թէ մեր պահանջատիրութիւնը մտած է նա՛եւ իրաւական դաշտի մէջ յառաջխաղացքներ իրականացնելու փուլը: Ենթադրութիւնը սխալ չէր. Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման (թէեւ դանդաղ) քայլերը բաւական ճամբայ կտրած էին, յաղթահարելով միջազգային բեմին տիրապետող՝ շահակցական հաշիւներու խոչընդոտները: Ի շարս այլոց, ամերիկեան խորհրդարանի զոյգ Տուներուն մէջ, Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւերը 16 ամիս առաջ վերջին խոչընդոտները վերցուցած էին Ուաշինկթընի գործադիրին ճամբէն, որպէսզի ճանաչումը հաստատուի նա՛եւ կառավարութեան, նախագահին կողմէ (երբեք չենք անտեսեր այլ երկիրներու, նահանգներու, քաղաքապետարաններու եւ մարզերու կողմէ ճանաչումի կեցուածքները): Վերջին պատերազմը նոր ատաղձ կուտակեց իրաւական գետնի վրայ նոր աշխատանքի ձեռնարկելու, այդ ուղղութեամբ մանր քայլեր ալ կÿառնուին արդէն:
Զուգահեռաբար, մինչեւ քանի մը տարի առաջ, շօշափելի յառաջխաղացք արձանագրուած էր Արցախի իրաւունքներուն ճանաչում ապահովելու ճամբուն վրայ, հայկական կողմի պահանջներուն արդարացիութիւնը ընդունելի դարձած էր միջազգային ընտանիքին կողմէ (Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքները): Եւ ահա, 44-օրեայ պատերազմը բացաւ ահաւոր փուլ մը, որ մեզ կը տանի անկումէ անկում (թող ամէնէն լաւատեսն անգամ ընդունի, որ մեր հորիզոնները փայլուն չեն, թէ՝ ստապատիր բարիքներու աւետումը պարզապէս կը նշանակէ հաւկուրութիւն, դաժան իրականութենէ անջատում): Իրականացած է Իսահակեանի այն նախատեսութիւնը, թէ «պիտի գայ ոգու սով»: «Ոգու սով»ը եկած է եւ համակած՝ մեր իրականութիւնը, հոգ չէ թէ անով վարակուած են միայն փոքրաթիւ հայեր, սակայն անոնք, որոնք իրողապէս առեւանգած են հայութեան կամքն ու ազգային մտածողութիւնը, ոչ տարօրինակօրէն եւ առերեւոյթ համակրանք կը գտնեն նաեւ հայութեան շահերը անտեսողներու մօտ, ոմանք՝ բարեկամի պատմուճանով զգեստաւորուած:
Որո՞նք են «ոգու սով»ը մարմնաւորող իրականութիւնները (հոս ալ թող ո՛չ ոք ինքզինք խաբէ, կամ՝ փորձէ խաբել մեզ ու մեր ժողովուրդը):
Անկախութեան վերահաստատումէն ետք, Չարենցի պատգամը, թէ՝ «Հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ միասնական ուժիդ մէջ է», փորձարկուած է Արցախի մէջ եւ այլուր (չանտեսենք Սփիւռքը), յաջողութեամբ կտրած է բազմաթիւ փուլեր, սակայն բաժանուածութիւնն ու երկփեղկումները առաւել կամ նուազ չափով իրենց ներկայութիւնը պահած են մեր հայրենական-հասարակական կեանքին մէջ: Չենք ուզեր մտնել պատճառներուն թուումին մէջ. անոնցմէ մաս մը կարելի է դասել «մարդկային պարզ տկարութիւններու» ցանկին մէջ, բնական բան՝ որեւէ երկրի ու ժողովուրդի համար, իսկ մնացեալը կարելի է վերագրել, դժբախտաբար, ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆի մը հիմամբ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ մը բիւրեղացնել չկարենալու մեր «անտարբերութեան»: Այս իրականութիւնը օրէ օր աւելի շեշտուեցաւ վերջին 3 տարիներուն: Հայաստանի կուսակցութիւններուն մէջ որոշ թիւ կը կազմէին անոնք, որոնք Գաղափարը աւելորդ, հինցած բան կը նկատէին. խորքին մէջ, այդ կուսակցութիւնները պարզապէս շահակցական խմբակներ էին (եւ են), իսկ անոնց անդամները՝ պատրաստ՝ այսօր մտնելու այս «կուսակցութեան» յարկին տակ, իսկ վաղը, անոր «նօսրացման» հետեւանքով՝ ցատկել այլ կուսակցութեան մը սեմէն ներս: «Թաւիշով» իշխանութեան հասնողները չվարանեցան յայտարարելու, թէ իրենք Գաղափարի չեն հաւատար, բացայայտեցին, թէ գաղափարներէ խորշանքը պիտի ըլլայ (եւ եղաւ) իրենց դրօշը, ազգայինն ու հայրենականը ստորադասելի արժէքներ են: Արցախի մէջ վերջերս քայլ մըն ալ անդին անցան, երբ ռուսերէնը որդեգրուեցաւ իբրեւ պաշտօնական երկրորդ լեզու (բառախաղեր ալ ըրին, թէ պաշտօնականը պետական չի նշանակեր…): Հիմա, երբ Հայաստան կիսապաշտօնական ձեւով կը պատրաստուի խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու, մէկը միւսին ետեւէ նոր կուսակցութիւններ ծնունդ կÿառնեն. մէկ մասը՝ իշխանաւորին անուղղակի «ուսապարկը» դառնալու, ուրիշներ՝ իբրեւ թէ ընդդիմադիր ճակատը զօրացնելու կամ… տարանջատելու դիտաւորութեամբ. Գաղափարը ընդհանրապէս կը մնայ մեծ բացական, շահադիտականը կÿողողէ հրապարակը, լուսանցքի վրայ քշելով նա՛եւ մեր Դատն ու անոր առաջնահերթ ըլլալը: Քայլ առ քայլ կը խորանայ անկումներու այն իրականութիւնը, որ ալիք առ ալիք ծաւալեցաւ մեր հայրենիքին մէջ ու վարակեց Սփիւռքը՝ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» այլապէս դրական անկիւնադարձէն ետք (ատիկա տեւեց պահիկ մը, հիմա շատ աւելի տեսանելի է, թէ դրականը պարզապէս խաբկանք էր մեծ մասամբ, ինչպէս որ անվիճելի խաբէութիւն էին վերջին պատերազմի օրերուն ամէն երեկոյ հնչած՝ «յաղթելու ենք» հաւաստիքները…): «Սեւ-սպիտակ»ի, «յեղափոխական-հակայեղափոխական»ի, «հին ու նոր»ի նման նշանախօսքեր շուտով պարպուեցան իրենց բովանդակութենէն, բարեփոխում պահանջող, արդա՛րօրէն բարեկեցութիւն սպասող ժողովուրդը աւելի՛ ու աւելի՛ խորացաւ պառակտումի վիհերուն մէջ, հին չարաշահողները մնացին «անգտանելի պտուղ», բաժանուածութիւնը, անհասկացողութիւնն ու թշնամական հակադրութիւնները տարածուեցան իշխանական կուսակցութենէն (քանի մը պատգամաւոր թողլքեցին իրենց խմբակը) մինչեւ ընդդիմադիրներ (նմանապէս թողլքումներ՝ խորհրդարանական խմբակներէ), մինչեւ արտախորհրդարանական ուժեր ու կուսակցութիւններ: Այս բոլորը իրենց արձագանգները գտան (եւ կը շարունակեն գտնել) սփիւռքեան միաւորներու մէջ, որոնցմէ շատեր այլապէս ունին գաղափարական հիմք-հաւատամք, եւ սակայն, ստեղծուած ալիքներուն ազդեցութեան տակ, իրողապէս կը քալեն դէպի երկփեղկում, բաժանուածութիւն. անհանդուրժողութիւնը յաւելեալ «Դամոկլեան սուր»եր կը կախէ անոնց գլուխներուն վերեւ, եւ այս բոլորը՝ ի վնաս մեր ժողովուրդին, հայրենիքին, նոյնինքն ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ վերաձեւաւորման, բիւրեղացման, զարգացման: Չարենցեան պատգամն ալ գործնապէս «ասֆալթին փռուած է»: Պառակտումը աւելի՛ վտանգաւոր բնոյթ կը զգենու, երբ աչքի առջեւ ունենանք բանակին պէս ողնասիւն-կառոյցի մը հասնող հարուածներն ու իրողական հակամարտութիւնները: Չմտնենք այն այլանդակ բանավէճին մէջ, թէ անցեալ 25-30 տարիներուն բանակ չենք ունեցած, թէ՝ հիմա հոն ալ պէտք է սկսիլ «զրոյական կէտէ». պարզապէս յիշենք ու յիշեցնենք, որ Արցախեան առաջին պատերազմը շահեցանք հազիւ կազմաւորուած ու համեստ բանակով (օրին երգեցինք «…Մեր նոր կազմաւորուող հայոց բանակի առաջին զինուորն էք, բարով գնացէք»), իսկ աւելի ուշ, 2016-ին, թշնամիին զինադուլ պարտադրեցինք… անգոյ եւ չախմախլիներով օժտուած բանակո՞վ:
Մեզ անկումէ անկում տանող իրականութիւններուն շարքը երկար է (իսկ եթէ կան դրական զարգացումներ, զանոնք պէտք է դիտել իշխանութեան մը տարրական պարտականութեանց կատարման բովանդակութեան մէջ. այդ նուազագոյնին համար ալ, արդէն կայ նոր տեսակի, պաշտօնական զգեստով ներկայացող կաշառակերութիւն, փտածութիւն. անոնք կը կոչուին «պարգեւավճար», ոստիկաններու եւ ուսուցիչներու վճարումներու յաւելման խոստում եւ մասամբ նորին): Անդին, մեր հայրենիքին սահմանները ո՛չ միայն մեծ ու փոքր մկրատումներու կÿենթարկուին թշնամիին կամայական եւ միակողմանի «սխրանքներով», այլ սահմանագծումի հարցը մատնուած է անորոշութեան: Այս բոլորը նոր երանգներ կÿաւելցնեն մեր Դատի պաստառին վրայ:
Աւելի՛ն: Մերթ ընդ մերթ կը լսուին այլանդակ անհեթեթութիւններ. «Արցախը Հայաստանի համար ապահովութեան գօտի էր, որովհետեւ թշնամիին բանակները բաւական հեռու կը պահէր»: «Արցախեան այսինչ կամ այնինչ շրջանը գոնէ յանձնէինք պատերազմական գերիներուն վերադարձին գնով, անկէ ետք», «Հայ զինուորը ինչո՞ւ պէտք է ծառայէ Արցախի մէջ, թող ծառայէ Հայաստանի մէջ»: Չշարունակենք: Կարծէք թէ Արցախն ու սահմանամերձ գօտիները մեր ԱՆԱՌԱՐԿԵԼԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔին մասնիկները չըլլային, անոնք ըլլային կօշիկ կամ կահոյք, որոնք սեպուէին «փոխանակելի ապրանք»: Նման մտածողութիւն թարգմանն է այն իրականութեան, որ մենք մոռցած ենք (շատեր չեն մոռցած), թէ ունինք գրաւեալ ընդարձակ հողեր, Ցեղասպանութեան բազմապիսի հետեւանքներ, որոնց մանեակին վրայ նոր «գոհարներ» աւելցուց 44-օրեայ պատերազմը: Ունինք Դատ ու պահանջատիրութիւն, որոնք զգացական նշանախօսքեր չեն, այլ ձեռքերու միացման հրաւէ՛ր։ Եւ ահա, փոխանակ մեր ուժերն ու պայքարը լարելու թշնամիին դէմ, տարուած ենք մենք մեր միջեւ վէճերու, զիրար չէզոքացնելու մոլուցքով մը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐԵՂԱՑՈՒՄ
44-օրեայ պատերազմէն առաջ, նաեւ անկէ ասդին, Հայաստանի անմիջական շրջապատին, ինչպէս նաեւ՝ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքներէն մինչեւ Եւրոպաներ (արեւելեան եւ արեւմտեան գօտիներով), մինչեւ Արեւելք (օրինակ՝ Իրան-Չինաստան գիծը), Ափրիկէ եւ ովկիանոսներէն անդին տարածուող աշխարհակուլ զարգացումներ կը կազմեն այն խորքային տարածքը, որուն տարբեր արտայայտութիւնները արձագանգ կը գտնեն մեր հայրենիքին եւ ժողովորդի կեանքին մէջ: Այս սիւնակին մէջ, պիտի չփորձեն խորանալ Ուաշինկթըն-Մոսկուա, Եւրոպա-Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ-Իրան ու Չինաստան (իր Հոնկ Քոնկով) եւ այլ գիծերու վրայ իրարու հետ մրցումի ելած դրական ու բացասական զարգացումներուն մէջ, այլ մեր կիզակէտը պիտի պահենք մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը, իր հայրենական եւ սփիւռքեան տարածքներով, ի մտի ունենալով մեր հին ու նորացած պահանջները:
Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ասդին, նա՛եւ վերջին պատերազմէն ետք, Գաղափարին առընթեր, մեծ բացակայ մը կայ մեր կեանքին մէջ. անիկա կը կոչուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒ եւ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ հիւսուած ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: Եւ եթէ «հիներ»ուն մօտ ալ պէտք է փնտռել թերութիւններ, ահա՛ լայն տարածք մը:
Մեր մատներուն ետին չպահուըտինք, այլ հարցին մօտենանք արդար, հոգ չէ թէ ցաւցնող հայեցակէտով: Այսօր, հայութեան համար, իբրեւ պետական մտածողութիւն եւ անվիճելի սկզբունք՝ չունինք յստակ տեսլական մը, պահանջներու յստակ ու համապարփակ ցանկ մը, որ նկատի ունենայ մեր կորսուած ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՆ ու ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ: Չի բաւեր ըսել, թէ ունինք կորսուած հողեր, փճացած ու փճացուող մշակութային ժառանգութիւններ, որովհետեւ այդ բոլորը հոս-հոն ցանկագրուած ու վաւերագրուած են մասնակի մօտեցումներով: Մինչեւ իսկ յստակօրէն չենք արձանագրած, թէ Գանձակն ու Կիլիկիան եղած են հայապատկան, մեր պահանջատիրութիւնը կÿընդգրկէ նաեւ այդ հողերը…
Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ, երբ Հայաստան ինքզինք անկախ հըռչակեց եւ Խորհրդային կայսրութիւնը պատմութեան անցաւ, ՄԱԿ-ի մեր անդամակցութիւնը «հարկադրեց», որ Հայաստան յայտարարէ, թէ Թուրքիայէն պահանջ չունի, այդ օրուան սահմանները ճանչցուած են, զանոնք կը նկատէ անխախտ (Արցախի ու Ատրպէյճանի կողմն աշխարհի, կար ու կը մնայ ծանօթ անորոշութիւնն ու մեծ ու մանր կորուստներու իրականութիւնը): Ամէն անգամ, որ (մասնաւորաբար Ապրիլ 24-ի օրերուն) արդար ձայներ բարձրացան, թէ Թուրքիա մեզմէ ընդարձակ հողեր խլած է, հայը իրաւատէրն է Արեւմտեան Հայաստանին ու Կիլիկիոյ, միջազգային քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը տարբեր պատգամներ ուղղեցին մեզի, ու մենք համակերպեցանք այդ պարտադրանքներուն, սկսանք համոզուիլ, թէ հոն ճիշդ բան մը ըլլալու է (երբ ուզես սուտ մը տարածել, կրկնէ ու կրկրնէ, հաւատացողներ կը գտնուին ի վերջոյ): Մեր ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ մէջ տեղ չգտաւ, չամրագրուեցաւ մեր անվիճելի իրաւատիրութիւնը: Օրինակի համար, Արցախի հարցը առաւելաբար պահեցինք «ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունք»ի եւ անկէ առաջնորդուող՝ Ատրպէյճանէն անկախ միաւորի մը վերածման բովանդակութեան մէջ, չըսինք, որ սա հայկական հող է, հայկական է եղած դարերէ ի վեր, Ատրպէյճանի գոյառումէն շատ առաջ, բաւարար աշխատանք չտարինք, որ այս մտածողութիւնը որդեգրուի հաշտարարներուն կողմէ, որոնք այլապէս բազմաթիւ վկայութիւններու ականատես եղան մեր թշնամիներուն անարդար ու ոճրային վարմունքներուն:
Պետական մտածողութեան մէջ տեղ չգրաւեց նաեւ միւսը, թէ՝ Արեւմըտեան Հայաստանը, եւ ո՛չ միայն «Ուիլսընեան սահմաններ»ով ճշդուածը, հայապատկան է եղած ու է՛, հայութենէն անոր խլումը ՊԵՏԱԿԱ՛Ն ՈՃԻՐի մը հետեւանքն էր, ոճիր՝ որ մինչեւ այսօր ալ գործնական արտայայտութիւններ կը գտնէ Արցախի, Հայաստանի սահմաններուն, նաեւ՝ անկէ շատ հեռուները տարածուող աշխարհամասերու մէջ (Եւրոպա, Ափրիկէ, Միջին Արեւելք-Կիպրոս, Հիւսիսային Կովկաս, վերջերս նաեւ Ուքրանիա եւ այլուր…): Մինչեւ իսկ սկսանք մենք մեզ համոզել, որ Հայաստանի հայը… տարբեր է՝ Ցեղասպանութեան ուղղակի զոհ՝ սփիւռքցիէն, թէ՝ «արեւելահայերը անտարբեր են մեր դատին ամբողջականութեան նկատմամբ»: Նման անհեթեթութեան շինծու ըլլալը փաստուած է թէ՛ անցեալին, թէ մեր  օրերուն. մեր Ազատագրական Շարժումի օրերուն, աւելի քան դար մը առաջ, Հայաստանի արեւելեան շրջաններէն, նոյնինքն Արցախէն բուռ-բուռ երիտասարդներ նետուեցան «արեւմտահայոց» դատի պաշտպանութեան մարտերուն, ինչպէս որ Հայաստանէն փաղանգ առ փաղանգ Արցախ փութացին Արցախեան Շարժումի առաջին օրերէն սկսեալ: Այս գետնի վրայ հայութեան միասնութեան, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻՆ վրայ միասնութեան վրայ թող ո՛չ ոք փորձէ փոշի դնել: Թող փոշի չդրուի նաեւ այն իրականութեան վրայ, թէ սփիւռքի հայը իր զաւակներով ու նիւթական-բարոյական միջոցներով Հայաստանի ու Արցախի կողքին եղաւ ու կը մնայ մեր նորագոյն շարժումներուն սկսման օրերէն ի վեր: Կը մնայ, որ ժողովրդային գետնի վրայ բիւրեղացած իմացութիւնն ու ազգային-գաղափարական այս իրականութիւնը մարմնաւորուի պետական քաղաքականութեան մակարդակին վրայ, կիրարկում գտնէ դիւանագիտական եւ այլ ԳՈՐԾի մէջ: Սա կÿենթադրէ մեր Դատին ամբողջական պատկերին լիիրաւ գիտակցումը, անոր հետապնդման ի խնդիր բազմաճիւղ ու միասնական աշխատանքի ծրագրումը, անոր իրացման համար դերերու մասնագիտական բաժանումը (պետութիւն, քաղաքական միաւորներ, եկեղեցի, գիտնական, արուեստագէտ, սփիւռքեան ձեռքեր եւ… ցանկը կրնայ երկարիլ):
ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐԸ
Եզրակացնելու համար (բնականաբար մեր քննարկումը երբեք ալ սպառիչ ու ամբողջական չի կրնար ըլլալ), աւելորդ պիտի չըլլայ անգամ մը եւս արձանագրել, թէ հայութիւնը, իբրեւ պետութիւն, կուսակցութիւններ, քաղաքական միաւորներ ու հայրենաբնակ ու աշխարհասփիւռ գիտակի՛ց զանգուածներ, անյետաձգելի կարիքը ունին մեր անցեալի ու նորագոյն կորուստներէն բխող ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ քաղաքականութեան մը բանաձեւման, վերարժեւորման, որուն հիմնաքարը պիտի ըլլայ միասնութիւնը, բոլո՛ր ոլորտներուն մէջ բաժնուածութեան դարմանումն ու տարբաղադրումի այլազան խաղերուն դադրեցումը:
Մեր նոր ու անցեալի կորուստները անվիճելի են ու անսակարկելի: Տեսանք, թէ այս կամ այն գիծին վրայ թուլութիւն, շեղում, տկարացում, ազգային արժէքներու թողլքում եւ այլն՝ ինչպիսի՜ ծանր հետեւանքներու պատճառ դարձած են, միասնութենէ որեւէ նահանջ՝ զօրացուցած է մեր թշնամիին բազուկը (որ ընդհանրապէս մեզմէ զօրաւոր եղած է, սակայն…): «Մեր ուժը մեր տկարութեան մէջ է»ի պէս սնանկ «գաղափարախօսութիւններ» չեն կրնար աստղ մը փայլեցնել մեր հորիզոնին վրայ, այլ ի՜նչ խօսք՝ արեւներու մասին: Սկսելու համար, մեր պահանջատիրութիւնը, մեզմէ խլուած բոլոր իրաւունքներուն՝ հողի, մշակութային ժառանգութեանց, ստացուածքի, Արարատին, Վանայ ծովուն, Սիփանին, Նեմրութին, Սասունին, Կարսին, Սիսին ու Լամբրոնին եւ դեռ բազում այլ տարածքներու տիրութիւնը պէտք է ամրագրել ո՛չ միայն մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ (եւ ատիկա չ’ըլլար բարձրագոյն ուսումնարաններէն հայագիտութիւնը նահանջի մատնելով ու նօսրացումով), այլ այս բոլորը պէտք է ներմուծել մեր ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ մէջ: Արդար իրաւունք ունեցողը՝ իրաւունք չունի քաղաքական-դիւանագիտական գետիններու վրայ երկչոտութիւն խաղալու:
Այս մտածողութեան կենսագործման զուգահեռ, կը դիմագրաւենք մեր ուժերը (բանակ, տնտեսութիւն, մշակոյթ եւ այլն) վերականգնելու, մեր բոլոր կարողականութիւնները նոր նուաճումներու լծելու մարտահրաւէրին դիմաց: Փոքր ու տկար ըլլալով հանդերձ, պարտաւոր ենք ձեւեր գտնելու՝ վերստին հաւաքելու մեր ուժերը, կերտելու ընկերային արդարութեան սկըզբունքներու հիմերով ազգ-պետութիւն մը, որ մեր հայրենիքն է, այսօր՝ փոքրացած տարածքով, վաղը՝ նոր Սարդարապատ եւ Արցախեան յաղթանակ կերտելու կարողականութեամբ: Այս մարտահրաւէրը ուղղուած է հաւասարապէս հայրենիքին ու սփիւռքին, որուն համար հայրենիքը, ամբողջական հայրենիքը լինելութեան եւ գոյատեւման գրաւական է: Սա պէտք է վերածել համոզումի, եւ չտարուիլ այն յանկերգներով, թէ ցնորքներ հետապնդելը իրապաշտ բան չէ: Եթէ պատմութիւն գիտենք, սորված պէտք է ըլլանք նաեւ ցնորքները իրականութեան վերածելու ձեւերը: Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը ծնաւ փոքր տարածքի վրայ, կարճ ատեն ետք, «ցնորք հետապնդող»ները տարածեցին հանրապետութեան սահմանները, իսկ մեր նորագոյն պատմութեան փուլին, այլ «ցնորամիտներ» ազատագրեցին արցախեան տարածքներ, զանոնք իրողապէս վերամիացուցին մայր հայրենիքին: Յետո՞յ…՝ Բայց մենք ո՛չ առաջինն ենք, ո՛չ ալ, հաւանաբար, վերջինը, որ նուաճումներէ ետք ընկրկում ապրած են. խլուածն ու կորսուածը վերագտնելու հրամայականը ժամանակ չի ճանչնար:
Ահարոնեանի պատգամը այսօ՛ր ալ այժմէական է. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»: Անցեալի ու նորագոյն չարիքները չեն կրնար մոռցուիլ, մինչեւ իսկ եթէ կան իշխանաւորներ, որոնք փորձեն հայութիւնը մղել նախնիներուն, մեր անցեալի ու նոր նահատակներուն նախատինքին արժանանալու կացութեան: Պիտի թօթափե՛նք «ոգու սով»ի վիճակն ու մեր հաւաքական-հայրենական կեանքէն աւլենք, դուրս վանենք նման սով տարածողները, հետեւելով Մարք Թուէյնի մէկ իմաստութեան. «Հաւատարմութիւն հայրենիքին՝ մի՛շտ: Հաւատարմութիւն կառավարութեան՝ երբ ան արժանի է»:
Ս. Մահսերէճեան