Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը առա­ջին քայլն է այն  դժ­ուար մագլ­ցու­մին, որ հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան բազ­մա­հուն պայ­քարն է եւ  որ բնա­կա­նա­բար կը պա­հան­ջէ հա­մազ­գա­յին մաս­նակ­ցու­թիւն, սե­րունդ­նե­րու ներգ­րաւ­ուա­ծու­թիւն, լար­ուած ու­ժա­կա­նու­թիւն եւ մա­նա­ւանդ՝ պե­տա­կան մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան ու դիւա­նա­գի­տա­կան մի­ջոց­ներ…:
Աւե­լորդ է ըսել սա­կայն, թէ այս առու­մով, հպան­ցիկ հայ­եացք մը միայն  հա­յաշ­խար­հի պար­զած ներ­կա­յի կա­ցու­թեան վրայ պի­տի հաս­տա­տէ, որ Հա­յաս­տա­նի թէ սփիւռ­քի մէջ Ապ­րիլ 24-ի 106-րդ տա­րե­լի­ցը կը թե­ւա­կո­խենք ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն տխուր պայ­ման­նե­րու մէջ:
Սփիւռ­քի մի­ջի­նա­րե­ւել­եան հայ­րե­նա­մերձ թե­ւի յու­սա­տու ու կազ­մա­կերպ հա­յա­գա­ղութ­նե­րը, յատ­կա­պէս տն­տե­սա­կան ու այլ  առում­նե­րով, են­թարկ­ուած են ծանր ճն­շում­նե­րու,  որոնք  վտանգ են  անոնց կազ­մա­կերպ­ուա­ծու­թեան, նա­եւ այդ մի­ջա­վայ­րե­րէն ար­տա­գաղ­թի հա­ւա­նա­կան հոսք մը կը սպառ­նայ հա­յու­թեան հա­մա­խումբ կեան­քին:
Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ թէ ամե­րիկ­եան ցա­մա­քա­մա­սե­րու վրայ մեր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն «ար­տա­գաղ­թել» հայ կեան­քէ, հայ լեզ­ուէ, ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թե­նէ: Այս ահա­զան­գը եր­կար ժա­մա­նակ է կը տր­ուի ար­դէն: 100-ամ­եա­կը պահ մը բա­րե­րար ներ­գոր­ծու­թիւն ու­նե­ցաւ, սե­րուն­դին յի­շե­ցուց ազ­գա­յին ար­մատ­ներն ու ազ­գին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը, բայց այդ­քան միայն: Ատ­կէ ան­դին, յա­տուկ ջանք չե­ղաւ, որ այդ սե­րուն­դը իր ար­մա­տին կապ­ուած մնայ:  Երի­տա­սարդ­նե­րու այն փոքր կո­րի­զը, որ կու­սակ­ցու­թեանց, եկե­ղեց­ւոյ կամ մշա­կու­թա­յին աշ­խու­ժու­թեանց ճամ­բով ներգ­րաւ­ուած  է գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րուն, ահա տարիէ մը  աւե­լի, այս անիծ­եալ վա­րա­կին ու հաս­տատ­ուած ար­գելք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ան­շար­ժութ­եան մատն­ուած է եւ զրկ­ուած՝ հա­մա­խումբ կեան­քի հա­յա­շունչ մթ­նո­լոր­տէն: Չենք գի­տեր, թէ որ­քան պի­տի տե­ւէ այս կա­ցու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ չենք ալ գի­տեր, թէ վա­րա­կի չքա­ցու­մէն եւ կա­ցու­թեան բնա­կա­նո­նա­ցու­մէն ետք ինչ վի­ճակ պի­տի պար­զէ սփիւռք­եան հա­յօ­ճախ­նե­րու կեան­քը՝ ընդ­հանրա­պէս..:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի հայ կեան­քի մէջ  գոր­ծող երեք կու­սակ­ցու­թեանց, որոնք սփիւռ­քի վե­րա­կա­ռուց­ման կռ­ուան­նե­րը եւ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մղում տուող շար­ժիչ­նե­րը կը նկատ­ուին, անոնց­մէ մին՝ առա­ջա­տար, միւս­ներն ալ  ար­ժա­նա­ւոր դիր­քե­րէ եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տան­քի լծ­ուե­լէ, ցե­ղաս­պան­ուած հա­յու­թեան մնա­ցոր­դա­ցին գաղ­թա­կան ու ան­դի­մա­գիծ բազ­մու­թիւնը ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծով պա­հան­ջա­տէր ու կազ­մա­կերպ հա­մայնք­նե­րու վե­րա­ծե­լէ ետք, այ­սօր  յոգ­նաս­պառ կը թուին ըլ­լալ եւ ներ­քին վէ­ճե­րով կլան­ուած՝ կար­ծես այ­լեւս չու­նին այն նե­րու­ժը, անց­եա­լի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ կա­րե­նալ ըն­դա­ռա­ջե­լու հա­մար ազ­գին առ­ջեւ ցց­ուած մեծ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն:
Իսկ Հա­յաս­տանն ալ, վե­րան­կա­խաց­ման սկզբ­նա­կան շր­ջա­նի հպար­տա­ռիթ յաղ­թա­նա­կէն ետք, շուրջ երես­նամ­եակ մը ահա ինքն իր վրայ կը գա­լար­ուի՝ հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցող թա­փով: Ծանր ու անո­րոշ հե­տե­ւանք­նե­րով այդ գա­լա­րու­մը ան­հա­կակըշ­ռե­լի դար­ձած է այ­սօր, յատ­կա­պէս դառ­նա­ղէտ պար­տու­թե­նէն ետք: Եր­կիր մը, որուն քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն ստ­ուար մաս մը դա­ւա­ճան կը հա­մա­րէ ու­րիշ ստ­ուար մաս մը…:
Թե­րեւս հասկ­նա­լի ըլ­լայ սփիւռ­քի յոգ­նա­ծու­թիւնը: Վեր­ջին հա­շուով, ոչին­չէն գա­ղութ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու եւ  զա­նոնք պա­հե­լու էա­պէս դժ­ուար ու մա­շեց­նող գոր­ծին զու­գա­հեռ, դիւ­րին չէ տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ զօրա­կո­չի արթ­նա­վի­ճա­կի մէջ գտն­ուիլ՝ ամէն պա­տեհ ու ան­պա­տեհ առի­թի, յա­ճախ նա­եւ առիթ­ներ ստեղ­ծե­լով հե­տա­մուտ ըլ­լալ, որ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը դա­տա­պարտ­ուի ու հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը այժ­մ­է­ա­կա­նա­նայ:
Յա­մե­նայն­դէպս, հա­կա­ռակ վե­րի մատ­նան­շում­նե­րուն, սփիւռ­քը իր բազ­մա­շերտ դըր­ուած­քով ու կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ, կը ներ­կա­յաց­նէ ոչ ար­հա­մար­հե­լի ու­ժա­կա­նու­թիւն մը, որ ար­դիւնք է տի­տան­եան ճի­գե­րու: Բայց ան ին­զինք ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար պէտ­քը ու­նի հայ­րե­նի­քի յե­նա­րա­նին:
Սա­կայն նոյ­նը կա­րե­լի չէ ըսել Հա­յաս­տա­նի հա­մար, որ անմ­խի­թար, ու­ժա­քամ եղա­ծի պատ­կեր մը ու­նի: Ան ի վի­ճա­կի չէ ոչ տա­րա­ծաշր­ջա­նը ապա­կա­յու­նաց­նող ազ­դակ դառ­նա­լու, ոչ ալ ինք­զինք պաշտ­պա­նե­լու եւ իր սահ­ման­նե­րուն տի­րու­թիւնը ընե­լու: Վե­րան­կա­խա­ցու­մի երե­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, իրարա­յա­ջորդ գրե­թէ մի­ա­հե­ծան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ու­ժով ու խար­դա­ւա­նան­քով ան­կա­րե­լի դար­ձու­ցին երկ­րի քա­ղա­քա­կան դաշ­տի յս­տա­կա­ցու­մը, ինչ որ այն­քան կա­րե­ւոր է ժո­ղովր­դա­վար վար­չա­կար­գի կա­յաց­ման, ար­դիւ­նա­ւոր­ման, ինչ­պէս նա­եւ հա­մա­կար­գը նոր տար­րե­րով թար­մաց­նե­լու հա­մար: Նոյ­նիսկ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թե­նէն ետք, փո­խա­նակ նոր դէմ­քե­րով թար­մա­նա­լու քա­ղա­քա­կան հրա­պա­րա­կը, հոն կը շա­րու­նա­կեն տի­րա­կան շր­ջա­գա­յիլ անուն­նե­րը հի­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ անու­նը պար­տու­թեան խա­րա­նով խայ­տա­ռակ­ուած գոր­ծող վար­չա­պե­տին, որոնք բո­լորն ալ քիչ-շատ, այս­պէս կամ այն­պէս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան բա­ժին ու­նին այ­ս-օրուան տխուր կա­ցու­թեան հա­մար…: Եւ հի­մա, մօ­տա­լուտ ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շե­մին, առն­ուազն քսա­նէ աւե­լի բազ­մու­թիւն մը խայ­տաբ­ղէտ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ մէջ­տեղ բե­րած են, որոնք կը յա­ւակ­նին առան­ձինն կամ վիժ­ուածք դա­շինք­նե­րով մաս­նակ­ցիլ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յու­սա­լով, որ կ’օգտ­ուին քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շուար վի­ճա­կէն եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի աթոռ­նե­րուն կը բազ­մին…:
Ահա մեր ներ­կայ իրա­վի­ճա­կին խտա­ցած պատ­կե­րը՝ սփիւռ­քէն Հա­յաս­տան, չհաշ­ուած տա­կա­ւին խայ­տա­ռակ պար­տու­թիւնը, ամ­բողջ սե­րուն­դի մը ու հայ­րե­նա­կան հո­ղե­րու ահա­ւոր կո­րուս­տը, ազ­գո­վին մեր կրած հո­գե­բա­րո­յա­կան խո­րունկ վնաս­ուած­քը, իշ­խա­նու­թեանց թափթ­փա­ծու­թիւնը, ապա-շ­նոր­հու­թիւնը:
Իրա­վի­ճակ մը, որ բե­մա­կան հռե­տո­րա­բա­նու­թե­նէ ու ոգե­վառ խօս­քե­րէ ան­դին, ան­յե­տաձ­գե­լի կը դարձ­նէ մեր առաջ­նա­հեր­թութ­եանց վե­րա­նա­յու­մը, մշա­կու­մը ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան, որուն մար­տա­վա­րա­կան բո­վան­դա­կու­թիւնը ճշ­դե­լու նա­խա­պայ­մա­նը ինք­նա­ճա­նա­չումն է, սե­փա­կան տկա­րու­թիւն­նե­րուն դար­մա­նումն է, ու­նե­ցած ու­ժիդ ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուդ ճշգ­րիտ գնա­հա­տումն է եւ ան­շուշտ՝ թշ­նամի­իդ ճա­նա­չո­ղու­թիւնը:
Հա­մաթր­քու­թիւնը հա­սած է մեր դռ­նե­րուն եւ մենք մի­նակ ենք: Մէկ կող­մը արեւ­մուտքն է, որ Հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը եթէ յղա­ցո­ղը չէր, առն­ուազն զայն քա­ջա­լե­րողն է՝ «հիւ­սի­սի արջ»ին՝ Ռուս­իոյ դի­մաց: Իսկ միւ­սը՝ ռազ­մա­վա­րա­կան մեր գոր­ծըն­կեր-դաշ­նա­կիցն է, որուն «գոր­ծըն­կե­րու­թիւնը» նո­րերս «ճա­շա­կե­ցինք»…: Քա­նիցս ըս­ուած-գր­ուած է, թէ քա­ղա­քա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան հա­շիւ­նե­րու մէջ բա­րե­կամ­ներ ու թշ­նա­մի­ներ չկան, այլ կան կեն­սա­կան շա­հեր: Այս հաշ­ուար­կով է, որ կ’առաջ­նորդ­ուին պե­տու­թիւն­նե­րը, նա­եւ պե­տա­կան այ­րե­րը, յա­ճախ նոյ­նիսկ ներ­քին ճա­կա­տի վրայ՝ իշ­խա­նու­թեան պայ­քա­րին մէջ:
Այ­սօր­ուան մեր պար­զած պատ­կե­րը կը նմա­նի յոր­ձա­նուտ գե­տի վրայ վտանգ­ուած լաս­տի, որուն ու­ղե­ւոր­նե­րը փո­խա­նակ իրենց ու­ժե­րը մի­աց­նե­լու եւ ապա­հով ափ հաս­նե­լէ ետք յան­ցա­ւոր­ներ բա­ցա­յայ­տե­լու եւ հա­շիւ­ներ մաք­րե­լու, կ’ան­տե­սեն վտան­գը եւ իրա­րու դէմ սուր կը ճօ­ճեն: Կ’ան­գի­տա­նան, որ լաս­տը  յանձն­ուած է յոր­ձանք­նե­րու քմայ­քին եւ պա­հը ստի­պո­ղա­բար կը պա­հան­ջէ, որ գէթ առ­ժա­մա­բար դադ­րեց­նեն հա­կա­մար­տու­թիւնը,  ձեր­բա­զա­տին զի­րենք գա­լա­րող ատե­լու­թեան ճի­րան­նե­րէն եւ հա­մախմ­բեն փրկ­ուե­լու ճի­գե­րը:
Հայ կեան­քի ներ­կայ փու­լին, մեր առաջ­նա­հեր­թու­թեանց մէջ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ԱՌԱՋ­ՆԱ­ՀԵՐ­ԹԸ պէտք է կազ­մէ հա­մազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժը՝ ի գին ամէն ին­չի ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան պահ­պա­նու­մին, անոր վե­րապ­րու­մին, ամ­րապն­դու­մին ու զար­գա­ցու­մին հա­մար:
Առանց պե­տա­կա­նու­թեան կա­րե­լի չէ իրա­գոր­ծել ազ­գա­յին ոչ մէկ ծրա­գիր: Ան է մեր լի­նե­լու­թեան երաշ­խի­քը: Առանց անոր ազ­գը կը դառ­նայ ան­կողմ­նա­ցոյց ու ան­հե­ռան­կար հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը՝ աշ­խար­հի հո­վե­րուն յանձն­ուած:
Պատ­մա­կան պա­հը կը թե­լադ­րէ հա­մազ­գա­յին մի­աս­նու­թիւն եւ իրա­տե­սու­թիւն: Կը պա­հան­ջէ նո­րո­վի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ՝ ազ­գի բա­րո­յա­կա­նը վե­րա­կանգ­նե­լու եւ այս­օր­ուան իրա­վի­ճա­կը յե­ղաշր­ջե­լու հա­մար:
Չա­փա­զան­ցու­թի՞ւն կայ արդ­եօք ներ­կա­յաց­ուած պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ:
Աթէնք, 20 Ապրիլ 2021
Միհրան  Քիւրտօղլեան