22 Ապրիլին Երեւանի  Արամ Մանուկեանի արձանի մօտ ընդդիմութիւնը հանրահաւաք  կազմակերպած էր` ի պաշտպանութիւն քաղաքական հետապնդման ենթարկուող սիւնեցիներուն:

Ցոյցի մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել Սիւնիքի  շարք մը համայնքապետներու ղեկավարները: Անոնք կը պնդէին, որ համայնքի ղեկավարները ապօրինի  ձերբակալուած են:

Հանրահաւաքի ընթացքին ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան անթոլատրելի  համարեց իշխսնութիւններուն Սիւնիքի  համայնքապետներ ձերբակալելը, նշելով որ սա թրքական վարքագիծ է։ Մանուկեան յայտարարեց. «Երեւանի կեդրոնէն կ’ըսենք` Սիւնիքը միայնակ չէ՛, Արցախը որբ չէ՛»,: