20-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդի պատմութեան  ամէնէն աղէտալի ժամանակահատուածը հանդիսացաւ: 24 Ապրիլ 1915-ը  հայկական օրացոյցին վրայ բացաւ ամենաարիւնալի եւ սեւ էջը: Սոյն թուականը մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը  յարգելու եւ մեծարելու միանգամայն ազգային ինքնագիտակցութեան հաստատման օրն է : Դար մը եւ աւելի, թուրքը անպատիժ մնալուն հետեւանքով կը շարունակէ գործադրել իր  անյագ ծրագիրը, որուն  մէկ ապացոյցը կը հանդիսանայ վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցած օրհասական 44-օրեայ պատերազմը:

Հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ պահանջատիրութեան ուղիով ընթացաւ, առանց վարանելու, հուժկու աշխատանք  տանելով, թշնամիին վրայ քաղաքական ճնշում բանեցնելով, որպէսզի Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ապա ընթանայ 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ձեւակերպուած հռչակագիրին մէջ ձեւ առած տրամադրութեան համաձայն:

Պէտք է դուրս գալ քաղաքական «ռոմանթիզմ»էն եւ մեզի համար  պահանջատիրութիւնը ըլլայ օրակարգային եւ օրհասական մարտահրաւէր, որովհետեւ հայ ժողովուրդին ոտնակոխուած իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումը անժամանցելի պատասխանատուութեան առջեւ պէտք է դնէ այժմու թրքական պետութիւնը եւ ըստայնմ ան ձեւակերպէ հատուցման աշխատանքը նաեւ:

Հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ խոցելի կը մնայ  Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հայաջինջ մեծ քաղաքականութիւնը անուանել  «Մեծ ջարդ» եւ անցեալը պահել անցեալի մէջ եւ փոխարէնը որոնել թրքամերժ բարոյականութեամբ ընթացող ոճ: Այս արարքը  ոչ  միայն մեր ազգային յիշողութիւնը կը խաթարէ, այլ համայն մարդկութեան հաւաքական յիշողութիւնը կ’անդամալուծէ:

Մեծապետական աշխարհի ներողամիտ կեցուածքները այսօր ուրացման քաղաքականութեան մէջ կը մխրճէ Թուրքիան եւ ամենայն կամակորութեամբ ե՛ւ  միջազգային օրէնքի, ե՛ւ  իրաւունքի արհամարհական անտեսումով, ան իր ծրագիրները կը շարունակէ՝ գործադրելով նոր ոճիրներ, որոնցմէ յիշենք ասպնջական Սուրիոյ եւ վերջերս Արցախի մէջ կայացած պատերազմները:

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ 1915-ին իրագործուած  համաթուրանական ծրագիրը Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութեամբ իր լրումին չհասնելով  կը շարունակուի՝  մտասեւեռումը ըլլալով  Թուրքիոյ պետական բոլոր ժամանակներու ներկայացուցիչներուն մտածողութեան:

Հայութիւնը զոհ գնաց համաթուրանական գաղափարախօսութեան, որ կը միտէր ջնջել Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ազգութիւններն ու կրօնները։ Արեւմտեան պետութիւնները բաւականացան դիտորդի կարգավիճակ ցուցաբերելով հայութեան բնաջնջման փաստին առջեւ, անտեսելով նաեւ, որ կոտորածներուն զոհ կը դառնար քրիստոնէութիւնը՝ իր զանազան դաւանանքներով։ Թուրք օսմանցի սուլթաններուն կողմէ հայասպանութեան ահաւոր ծրագիրի հետապնդումով, ամէնօրեայ կեղեքումներով, պարբերաբար տեղի ունեցած կոտորածներով,  հայկական հողերու հայաթափումով, անոնք հայութեան գոյութենական սպառնալիք դառնալով մէկտեղ՝ իրագործեցին նաեւ մշակութային, ազգային եւ կրօնական ցեղասպանութիւն՝ սպանելով երաժիշտները, ձերբակալելով գրագէտներն ու իմաստունները, այլ խօսքով ազգի առաջնորդութիւնը: Ջարդարարին բնութագրութեամբ աշխարհի վրայ պիտի չմնար հայ եւ հայութիւն, այլ լապիտի մնար թանգարանի մէջ միայն մէկ հայ, որպէս ցեղի օրինակ: Իրաւամբ գտնուեցաւ մէկ հայ՝ Սողոմոն Թեհլիրեան անունով, որուն իրաւունքի պահանջարկով եւ գնդակով արդարութեան ձայնը դարձաւ լսելի քաղաքակիրթ ազգերու արդարադատական հարթակներուն վրայ:

Հայ ժողովուրդը ապրելով, ստեղծագործելով եւ յարուցեալ փրկիչին վրայ հաստատած իր հաւատքով կը շարունակէ ապրիլ եւ իր դէմ ծառացող բազմապիսի մարտահրաւէրները դիմագրաւել մինչեւ արդարութեան ամբողջական հաստատումը: Իր  միասնականութեամբ ան պիտի շարունակէ պայքարիլ եւ թակել արդարութեան դռները:

106 տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն: Հայ ժողովուրդը համախմբուելով եւ մէկ բռունցք ըլլալով կրնայ հասնիլ սպասուած ճշմարիտ յաղթանակին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով:

Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումն ու վերարտադրումը իրենց ընթացքը պիտի շարունակեն  համահայկական պահանջատիրութեամբ, անվերապահ համագործակցութեամբ, կուռ կամքով եւ անզիջելի վճռակամութեամբ:

24 Ապրիլը մեր ազգի միասնութիւնը  նախապատուող մարտահրաւէրի օրն է:

Երբ մեր հայեացքը սեւեռենք դէպի հայրենիք, պիտի տեսնենք որ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը մռայլ է:  Երկրի տարբեր կողմերը քաղաքական լարուածութիւններու եւ խաղաղութիւնը խաթարող արձագանգներու կ’ենթարկուին: Մենք, որպէս հայ ժողովուրդ, ինչ քաղաքական պատկանելիութեան ալ տէր ըլլանք՝ մեր քաղաքական ուժերը   միաւորելով պիտի միանանք Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքի տարբեր ցամաքամասերու վրայ գործող փաղանգին, որպէսզի իրաւացիօրէն յարգած ըլլանք մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը:

Յարգանք՝ նահատակաց

Պատիւ՝ ապրողաց:

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան

Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ