Գետ մը կը հանդիսանայ կենարար երակը որեւէ քաղաքի կամ երկրի մը: Հալէպի պարագային, քաղաքին սիրտը ճեղքող կենարար գետը, որուն բարիքները կը վայելէին Հալէպի գիւղացին ու բնակիչը, Քուէյք գետն էր: Պատմականօրէն ծանօթ որպէս Ջալիս (լատիներէն), իսկ Կօկիոն՝ եփրայական անունն էր: Գետի ափին, որուն ակունքները կը բխէին Այնթապի շրջանէն, կը ցանէին բարտիի ծառեր, որուն պատճառով ալ թուրքերուն մօտ աւելի հանրածանօթ է որպէս قَواق لق, որ կը նշանակէ բարտիներու պուրակ: Իր հոսքը այնքա՜ն յորդառատ էր, որ իր ճամբուն ընթացքին զետեղուած էին ջրաղացներ, որոնք կ՚ոռոգէին աւելի բարձր արտերը՝ զանոնք դարձնելով ջրարբի: Հալէպահայու յիշողութեան հետ անքակտելիօրէն աղերսուած է գետի նորագոյն պատմութիւնը։ Հալէպահայը վայելած է անոր ճամբուն վրայ երկարող պարտէզներու պուրակները, որպէս զբօսավայր: Միջինքներու հանդիպումները, Համբարձման տօնը, Խանասորի արշաւանքի տօնախմբումը յիշատակելու հաւաքավայր էին գետափի տեսարժան պարտէզները: Թուրքին գետի սնուցման ակունքները կասեցնելու բարբարոսութիւնը պատճառ հանդիսացաւ անոր ցամքելուն։ խաղաղօրէն պճնող գետը չորցաւ: Շրջան մը վերջ այնքա՜ն գարշելի, նողկալի հոտ ու զզուելի տեսք ունեցաւ ան, որ փոխանակ հանդիսանալու Հալէպի բնական թոքը, դարձաւ տարաբնոյթ վարակներու փոխանցման օրրան: Պետութիւնն ալ ի տես այս պատուհասին, լաւապէս չմտածուած ծրագիրով մը քաղաքի բաժինէն անցնող իր հունը ծածկեց պեթոնով՝ առանց մտածելու, որ գետի ջուրին մէջի արատները ուրճանալով պիտի վերածուէին այնպիսի վնասաբեր շոգիի, որ գարշելի իր հոտը պիտի տարածէր բովանդակ կեդրոնական Հալէպի հայահոծ շրջաններուն մէջ: Մեր սերունդը լաւ կը յիշէ այն օրերը, երբ գետը կը յորդէր ողողելով պարտէզները ու շրջակայ թաղամասերը, ինչպէս օրինակ՝ Կայարանի շրջանը: Հետագային, քաղաքապետարանը մեծագումար ծախսերով զետեղուած պեթոնէ ծածկոյթը քանդեց, եւ աւելի հիմնական ծրագիր մը գործադրելով, Եփրատէն նորակառոյց ջրանցքով մը դարձեալ գետի դարձուց յորդի, իր բուխ, ուժգնօրէն հոսող ջուրը վաղեմի իր առատութեան մակարդակին հասցնելով: Վերջերս, Սուրիոյ օրհասական պատերազմի օրերուն, Հալէպի ժողովուրդը ձեւով մը ջուրի տագնապի հարցը լուծեց օգտագործելով այս գետին ջուրը՝ գէթ մաքրութեան իր կարիքներուն համար: Իրարայաջորդ Հալէպահայ սերունդներ ականտեսը եղած էին այս գետին զարգացումներուն, հետեւաբար գետին գոյութիւնը սերտօրէն աղերսուած էր իրենց առօրեայ կեանքին: Կցուած պատկերներէն ոմանք պիտի գրգռեն ու վերակենդանացնեն շատ մը յիշատակներ անոնց մէջ՝ որոնք ապրած են նշեալ փուլերը: Այս դիտաւորութեամբ ձեզի հետ կը բաժնեմ կցուած պատկերները, որոնց մէջ անպայման գոյ է Հալէպէն յիշատակի պատառիկ մը:

Ժան Հալլաճեան

Թորոնթօ