«Էրմէնիհապեր».-Ռուս քաղաքագէտ, թրքագէտ Վիքթոր Նաթէին-Ռաեւսքին հարցազրոյց տուած է Regionmonitor լրատուականին: Ան անդրադարձած է Ցեղասպանութենէն 106 տարի անց եւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին թուրք-ատրէյճանական գործօնին հետեւանքով Հայաստանի համար հաւանական սպառնալիքներուն: Նաթէին-Ռաեւսքին համոզուած է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ այս տարածաշրջանին անկախ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը հանապազօրեայ վտանգի տակ կը գտնուի: Ռուս գիտնականը կապ կը տեսնէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած այս վտանգի եւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան միջեւ: Նաթէին-Ռաեւսքին հետեւեալ դիտարկումը ըրած է.«Քանի տակաւին կը զարգանայ փանթուրքիստական գաղափարը, որ, անխօս, կը զարգանայ, որովհետեւ տակաւին առյայ են այդ ծրագիրները, հայերուն համար վտանգը չափազանց մեծ է: Էրտողանի եւ Թուրքիոյ իշխող վերնախաւի ռազմավարութիւնը չէ փոխուած: Եւ այդ ռազմավարութիւնը, ի դէպ, բազմաշերտ է: Պէտք չէ կարծել, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը հիմնուած է միայն փանթուրքիզմի վրայ, այդ մէկը իրենց քաղաքականութեան միայն մէկ մասն է»: Ան յայտնած է, որ բացի փանթուրքիզմէն Թուրքիոյ իշխանութիւններու գործիքակազմին մէջ տեղ ունին նաեւ իսլամիզմը, կամ այսպէս կոչուած չափաւոր իսլամը եւ նորօսմանիզմը: