«Ապառաժ».-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Երիտասարդական եւ «Արամ Մանուկեան» Ուսանողական Միութիւններու նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած  է աւանդական ջահերով երթ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին:

Երթի ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան երիտասարդները վառած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրօշակները` ի նշան բողոքի եւ ընդդէմ թրքական ֆաշիզմի:

Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ելոյթի խօսքով հանդէս  եկած են Արցախի թեմի Առաջնորդ Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեան, ՀՅԴ ԿԿ անդամ Սերկէյ Շահուերդեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեան: