Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին հրաւիրուած հրատապ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ սա իսկապէս պատմական օր է` մեծապէս կը գնահատենք ԱՄՆ նախագահ Պայտընի` «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը:

«Ան խոստում տուած էր, երբ թեկնածու էր, բայց շատ նախագահներ թեկնածութեան ընթացքին այդ խոստումը տուած են ու յետոյ չեն յարգած, ուրախ ենք ըսելու, որ նախագահ Պայտընը յարգեց այդ խոստումը:

Մենք գիտէինք, որ ինք մանրամասնօրէն ծանօթ էր հայութեան, Ցեղասպանութեան, մասնակցած էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն:

Միայն ու միայն կարելի է գնահատել նախագահ Պայտընի այս կեցուածքը», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն աշխատողներուն` Հայ Դատի յանձնախումբերուն, գրասենեակներուն եւ հազարաւոր նուիրեալներուն, որոնց տասնամեակներու պայքարին շնորհիւ կարելի եղաւ հասնիլ այստեղ:

Ան նաեւ անգլերէնով արտայայտեց իր երախտիքը ԱՄՆ նախագահին եւ ՀՅԴ մարմիններուն ու այլ նուիրեալներու:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ տարբեր անուանումներով` Հայ Դատի կառոյցներ գործած են Ամերիկայի մէջ ՀՅԴ հովանաւորութեան տակ 1940-ական թուականներէն սկսեալ: ԱՄՆ 1951-ին արդէն իր յատուկ փաստաթութով «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը գործածած է, երբ Ռաֆայէլ Լեմքին արդէն ստեղծած էր այդ բառը: Այդ օրերէն ՀՅԴ ընկերները, համակիրները, ժողովուրդը միշտ հետապնդած է այս հարցը` ըսելով, որ անպայմանօրէն պիտի յաջողին, որովհետեւ այլընտրանք չկայ:

1960-ականներէն, երբ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն բնոյթը աւելի յստակացաւ, քաղաքական պայքարը յատուկ թափ առաւ:

«Երբ կ’ըսենք տասնամեակներ` նկատի ունինք 1940-ական թուականներէն, բայց, մանաւանդ, 60-ական թուականներուն ծաւալած աշխատանքին շնորհիւ շարունակաբար որդեգրուեցան բանաձեւեր ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի կողմէն, իսկ նախագահ Ռեյկըն յայտարարութեան մէջ յիշեց այդ բառը, բայց հպանցիկ ձեւով: Հիմա, սակայն, նախագահ Պայտըն եկաւ ամբողջացնելու ԱՄՆ-ի ճանաչման գործընթացը : Գործադիր իշխանութիւնը միացաւ օրէնսդիրին եւ որեւէ մէկը չի կրնար հերքել այլեւս ԱՄՆ-ի մէջ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը», պատմական ակնարկով դիտել տուաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

«ԱՄՆ նախագահ Պայտընի կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի գործածութիւնը նախ բարոյական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ շատ մը երկիրներ, որոնք մօտէն կը հետեւին ԱՄՆ կեցուածքին, այժմ կը խրախուսուին իրենք եւս ճանչնալու», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

«Կայ, բնականաբար, Թուրքիոյ անդրադարձը․ արդէն Թուրքիան սպառնացած է, որ որեւէ ճանաչում կը նշանակէ յարաբերութիւններու խանգարում, բայց նկատի ունենալով, որ յարաբերութիւնները արդէն ցած մակարդակի վրայ են, կ’ենթադրեմ, որ թուրքերը կ’անդրադառնան, որ երբեմն պատմական իրողութիւնները եւ արդարութիւնը շատ աւելի գերակշիռ են, քան քաղաքական հաշիւները», ըսաւ ան:

Սա, ըստ անոր, հարցին մէկ կողմն է: Երկրորդը, որ նախապէս ՀՅԴ-ն յատուկ աշխատանքի ձեռնարկած է իրաւունքներու վերատիրացման իմաստով, պահանջատիրական առումով, սակայն ամենափոքր քայլերն իսկ, որոնք յաջողութեամբ պսակուած են, ի վերջոյ, կասեցուած են, որովհետեւ ԱՄՆ-ի շարք մը դատարաններ յայտնած են, որ արտաքին գործերը նախագահի պատասխանատուութեան տակ են, եւ որովհետեւ տակաւին նախագահը պաշտօնապէս չէ ճանչցած, այդ դատերը պէտք է կասեցուին:

«Հիմա, անշուշտ պէտք է քննարկուի, թէ ինչպէս կարելի է աշխատանք վերսկսիլ հետեւանքներուն իմաստով: Մենք շատ աւելի աշխատանք պիտի կարենանք տանիլ աևժմ միացեալ ճակատով` թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ ԱՄՆ-ի մէջ պահանջատիրութեան օրինական երեսները բացայայտելով», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Այս աշխատանքը, անոր խօսքով, Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ կը տանի ՀՅԴ-ի յառաջացուցած Հայ իրաւունքի կեդրոնը, որ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր կը գործէ:

Այսուհանդերձ, ճանաչման գործընթացը կ’աւարտի այն ատեն, երբ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս պատճառով ալ ՀՅԴ կառոյցներու աշխատանքը պիտի շարունակուի, որպէսզի Թուրքիոյ վրայ ճնշումը աւելնայ եւ, ի վերջոյ, հասնինք այն օրուան, որ Թուրքիան առերեսուի իր պատմութեան հետ: