Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց թրքական ուժերուն Հասիչէի բնակիչները ջրազուրկ պահելը։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ թրքական ուժերը աւելի քան 23 անգամներ թիրախ կը դարձնեն Հասիչէի ջուր մատակարարող «Ալլուք» ջրամուղ կայանը, անջատելով անոր ելեկտրականութիւնը, Հասիչէի աւելի քան միլիոն սուրիացիները ջրազուրկ պահելու համար։ Հասիչէի բնակիչները աւելի քան 16 օրէ ջուրի չգոյութենէն կը տառապին։ Անոնց տառապանքը կը սաստկացնէ ծոմապահութիւնը եւ ներկայիս Հասիչէի բարձր ջերմաստիճանը։ Նախարարութիւնը, եզրափակելով հաղորդագրութիւնը, կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններուն, յատկապէս ՄԱԿ-ին եւ Կարմիր Մահիկ Միջազգային Կազմակերպութեան, թրքական ուժերուն վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի վերջ տան սուրիացիներուն հանդէպ իրենց անմարդկային արարքներուն։