Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիական պաշտօնական պատկերասփիւռային կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Աղբիւրը յայտնեց, որ Նախագահները խորհրդակցեցան Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ առեւտրական, տնտեսական եւ մարդասիրական յարաբերութիւններուն զարգացման միջոցներուն, ինչպէս նաեւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի յաղթահարման գծով երկու երկիրներու միացեալ գործակցութիւնը ամրապնդելու գործնական քայելուն շուրջ։ Նախագահները խորհրդակցեցան նաեւ քաղաքական կարգ մը կարեւոր հարցերու շուրջ, ինչպէս սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբին աշխատանքին եւ զայն կասեցնելու արեւմուտքի շարունակուող փորձերուն։