26 Ապրիլ 2021-ին Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը դատապարտագիր հրապարակած է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն հետապնդումներուն առնչութեամբ. «Թուրքիան, հակառակ միջազգային դատապարտումներուն, ընդդիմադիր օրէնսդիրներուն նկատմամբ կ’իրականացնէ քրէական հետապնդում: Այսօր Թուրքիոյ մէջ մեկնարկած է թիւով 108 քաղաքական գործիչներու դատավարութիւն: Անոնց մեղսագրուած են 29 տարբեր քրէական մեղադրանքներ` սպանութեան փորձ, ահաբեկչութեան քարոզչութիւն տարածելը եւ թրքական պետութեան դէմ բռնութիւն հրահրելը: Մեղադրող կողմը պահանջած է ընդհանուր առմամբ 19,680 տարուան բանտարկութիւն, մեղադրեալներէն 38-ին համար` ցմահ բանտարկութիւն: Մենք անհանգստութեամբ կը հետեւինք Թուրքիոյ մէջ ընթացող վերջին զարգացումներուն, որոնք կը վերաբերին ընտրուած քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ համակարգային բռնաճնշումներուն եւ HDP-ի դէմ քաղաքական դրդապատճառներով գործերուն: Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազը կարգադրած է ձերբակալել 108 անձեր` HDP-ի առաջատար ներկայացուցիչները: 2014-ի Հոկտեմբերին HDP-ն կոչ ուղղած էր աջակցելու Քոպանիի համար ժողովրդական օրինական բողոքներուն: Հիմա, տարիներ անց, անոնք մեղադրուած են բողոքներու ընթացքին բռնութիւններուն համար, եւ, մեկնելով անկէ` ահաբեկչութեան մէջ: Այդ ժամանակ մարդիկ ամէնուր բողոքած էին ընդդէմ Քոպանի քաղաքի վրայ «իսլամական պետութեան» յարձակման եւ վերջինիս` թրքական վարչակազմի կողմէն շարունակական աջակցութեան: Տարիներ շարունակ HDP-ն կոչ ուղղած է խորհրդարանական հետաքննութիւն կատարել` լոյս սփռելու համար, թէ ինչ յանգեցուցած է բռնութիւններուն, բայց նախագահ Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը մշտապէս մերժած է այդ առաջարկը: Մենք վճռականօրէն դէմ ենք օրէնքի գերակայութեան հանդէպ այս բռնութեան: Ժողովրդավարական կարգերու մէջ անընդունելի չէ ընտրուած պաշտօնեաներուն պատասխանատուութեան ենթարկել այնպիսի իրադարձութիւններու համար, որոնց հետաքննութիւնը աշխուժօրէն խոչընդոտած է: Մենք մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք HDP-ին, որովհետեւ վերջինս դիմագրաւած է համակարգուած բռնաճնշումը: Աւելին, մենք կը պնդենք, որ ի աջակցութիւն Քոպանիի բողոքի ցոյցերը չեն կրնար քրէականացուիլ: Աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ բարոյական հիմքերով դէմ են «իսլամական պետութեանը», իսկ մենք դէմ ենք Քոպանիի շուրջ բողոքը քրէականացնելու Էրտողանի քաղաքականութեան: Ինչպէս յայտարարած է HDP-ի նախկին համանախագահ Սելահաթթին Տէմիրթաշ. «Այն, ինչ որ իրականութեան մէջ կը կործանէ Էրտողանը, ոչ թէ դաժանօրէն սպանուած մեր ժողովուրդն է, այլ «իսլամական պետութեան» պարտութիւնը Քոպանիի մէջ»: HDP-ն Թուրքիոյ Խորհրդարանի միակ կուսակցութիւնն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ ուղղած է»: