Երեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի գրասենեակը յայտնեց, որ Նուր Սուլթան մայրաքաղաքին մէջ Ասթանայի բանակցութիւններու յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ ամրան ընթացքին, նայած երկրին մէջ տիրող առողջական իրավիճակին եւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի վերջին զարգացումներուն։