«Երկիր».-Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին Թրքական Vatan կուսակցութիւնը կոչ ուղղած է փակելու ամերիկեան ռազմական կայանները Թուրքիոյ մէջ եւ Ղրիմը ճանչնալու որպէս Ռուսիոյ տարածք` ի պատասխան ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէն Օսմանեան կայսրութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
«Մենք կը դիմենք կառավարութեան: Պայտընի յարձակումին կարելի չէ պատասխանել բառերով: Գործողութիւն ձեռնարկելը հրամայական է: Ղրիմի եւ Աբխազիոյ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ճանաչման համար պէտք է դիւանագիտական շփումներ սկսիլ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի հետ», ըսած է թրքական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Օզկիւր Պուրսալին:
Յիշեցնենք, որ 26 Ապրիլին այդ կուսակցութեան ղեկավար, տխրահռչակ Տօղու Փերինչէք յայտարարած էր Ինճիրլիքի ռազմակայանէն ԱՄՆ զօրքերու վտարման անհրաժեշտութիւնը: Փերինչէք 2020-ին յայտարարած էր Ղրիմը ռուսական հող ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը:
Բաւական բուռն քաղաքական անցեալ ունեցող Տօղու Փերինչէք յայտնի ձախակողմեան գործիչ եղած է եւ քանի մը անգամ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է իր հայեացքներուն համար: 2007-ին զուիցերիական դատարանը Փերինչէքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար դատապարտած էր 90-օրեայ կալանքի եւ դրամական տուգանքի: