ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեանն ու ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արթուր Խաչատրեան 28 Ապրիլին այցելած են ՀՀ Սիւնիքի մարզ:
Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Սիսիանի ՀՅԴ «Գրիգոր Գրիգորեան» եւ Կապանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութիւններու գրասենեակներուն մէջ տեղի ունեցած են հանդիպումներ Դաշնակցութեան Սիսիանի, Գորիսի եւ Կապանի տարածքային կառոյցներու անդամներուն հետ:
Քննարկուած են մարզի մէջ ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակը, անվտանգային եւ ընկերային-տնտեսական հարցերն ու բնակչութիւնը յուզող այլ հարցեր: