«Երկիր».- birgun.net կայքը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ Ազգային ժողովի քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան հայց ներկայացուցած է թուրք ազգայնամոլ պատգամաւոր Ումիթ Օզթաղի դէմ:
Փայլան 24 Ապրիլին գրած էր․ «106 տարի անց Ցեղասպանութեան ճարտարապետ Թալէաթ փաշայի անուան պողոտաներուն մէջ կը քալենք, Թալէաթ փաշայի անուան դպրոցներ կ’այցելեն մեր երեխաները: Եթէ Գերմանիոյ մէջ այսօր Հիթլերի անունով պողոտաներ ըլլային, Հիթլերի անունով դպրոցներոււ մէջ երեխաներ սորվէին, մենք կ’ապրէինք Գերմանիոյ մէջ, Այսպիսին է այսօր Թուրքիան»:
Անոր ի պատասխան` թուրք Օզթաղ Փայլանը անուանած է «անդաստիարակ, սադրիչ մարդ»: «Եթէ գոհ չես, կորսուէ գրողի ծոցը: Թալէաթ փաշան ոչ թէ հայերը, այլ մէջքէն զարնողները քշած է: Կու գայ ժամանակը, որ դուն Թալէաթ փաշայի փորձը կը զգաս ու պէտք է զգաս», գրած է ան, որմէ վերջ արժանացած էր իր համաքաղաքացիներու քննադատութեան (թէեւ ազգայնամոլ գործիչին պաշտպանողները աւելի շատ եղած են):
Փայլան Իսթանպուլի հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւն մեղադրանք ներկայացուցած է անոր հասցէին՝ «յանցանք գործելու դրդում», «ժողովուրդին մէջ թշնամութեան եւ ատելութեան ենթահողի պատրաստութիւն» եւ «վիրաւորանքու սպառնալիք» համարելով նման արտայայտութիւններ` մեղադրելով «ցեղապաշտ Օզթաղը հասարակութեան տարբեր շերտերը թիրախաւորելու եւ ատելութեան խօսքեր ուղղելու մէջ»:
«Իսթանպուլի պատգամաւոր Օզթաղ թուիթըրեան գրառման մէջ իմ անձիս եւ հայ ժողովուրդին ուղղուած ատելութեան խօսքեր յղած է եւ բացայայտ մահուան սպառնալիքներ կատարած է: Պէտք չէ լռել նման ատելութեան կոչի պարագային, Պէտք չէ անպատիժ թողուլ զինք: Ոչ մէկ գերմանացի պատգամաւոր հրեայ պատգամաւորին չ’ըսեր, որ «կու գայ ժամանակը, որ դուք Հիթլերի փորձը կ’ապրիք ու պէտք է ապրիք», յայտնած է Փայլան իր մեղադրականին մէջ: