«Ապառաժ».- 1 Մայիսին Ստեփանակերտի Իւրի Պօղոսեանի անուան N6 դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատանեկան վերջին ճամբարի փակման արարողութիւնը: Փակման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ: Դպրոցի տնօրէն Արթուր Մինասեան ելոյթի իր խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին` այս մեծ եւ հայրենասիրական առաքելութեան համար: Ան համոզուած է, որ այն արժէքները, որ այս 4 օրուան ընթացքին փոխանցուած են պատանիներուն, անոնք պիտի օգտագործուին կեանքի մէջ եւ պիտի ըլլան մեր հերոսներու արժանի յետնորդները: Ելոյթի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Իր ելոյթին մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ թէեւ պատանիները ճաշակած են պատերազմի բոլոր դառնութիւնները, բայց այդ դառնութիւնը ոչ թէ պէտք է յուսահատեցնէ եւ կերտէ պարտուողական հոգեբանութիւն, այլ յաւելեալ վճռականութիւն` որ մենք կանք, պիտի ըլլանք, շատնանք ու ամէն գնով իրականացնենք մեր մեծ երազանքը: Ան պատանիներուն ուժ եւ կորով մաղթեց, եւ խոստացաւ, որ ինչ-որ հարկաւոր է` իրենք պատրաստ են ընելու, որպէսզի պատանիները դառնան լիակատար հայութիւնը, որ պիտի հանդիսանան մեր վաղուան առաջնորդները: Վերջաւորութեան պատանիները հանդէս եկան գեղարուեստական ծրագիրով: