«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ պաշտպանութհան նախարար Հուլուսի Աքար Էսքիշեհիրի մարտավարական օդուժի հրամանատարութիւն կատարած այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան:

Աքար, կրկնելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող թեզերը եւ նոյնաբովանդակ յայտարարութիւնները, վերստին հնչեցուցած է ժխտողական պնդումներ պարունակող միտքեր:

«Ցեղասպանութիւն հաստատապէս չէ եղած: Պատմութեան մէջ  պարզ ու յստակ գրուած է: Պատմութեան բոլոր տեղեկութիւնները, փաստաթուղթերը, վկաները եւ դիտարկումները շատ պարզ եւ յստակ ցոյց կու տան, որ 1915-ին նման բան տեղի չէ ունեցած»:

Այնուհետեւ անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման` ան պնդած է, որ քաղաքական գործիչները չեն կրնար պատմագիտութհամբ զբաղիլ. «Ամերիկացիներու այս յայտարարութիւնը կը նշանակէ ժխտել սեփական պատմութիւնը, համաձայնագիրները, պայմանագիրները եւ ստորագրութիւնները: Ամերիկացիները ունին յայտնի ազգային արխիւ` NARA (ԱՄՆ ազգային արխիւ) անունով, ուր նիւթին մասին բազմաթիւ զեկոյցներ կան: 1914-1915-ին եւ 1920-ին այդ զեկոյցներուն մէջ ամերիկացիներն ու անգլիացիները  շատ պարզ ու յստակ ըսած են` «Թուրքերը եւ հայերը 500 տարի միասին  ապրած են, եթէ մենք չխառնուինք եւ այդ կարգը չխախտենք, անոնք  500 տարի եւս միասին կ’ապրին»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին համոզումով` անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ «դէպքերը խեղաթիւրելով կը փոխեն պատմութիւնը, կը սխալին»: Աքար այդ մտածելակերպը անխոհեմութիւն եւ «տգիտութիւն»  անուանած է: