«Ապառաժ».-Եռօրեայ այցելութեամբ Արցախ կը գտնուէր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ տեղի ունեցած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ, ԱՀ ԱԳ նախարարի, ՀՅԴ անդամներուն եւ երիտասարդներուն հետ: «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ իր նախորդ այցելութեան հետ համեմատած բնակչութեան տրամադրութեան  փոփոխութիւն  նկատած է:

«Ես Արցախ եկած եմ նաեւ Դեկտեմբերին: Այն ատեն բոլորը աւելի ընկճուած վիճակի մէջ էին: Այս անգամ տարբերութիւնը զգալի է յատկապէս Ստեփանակերտի մէջ. եռուզեռ կայ, մարդոց վերադարձը նկատելի է: Տայ Աստուած, որ այդ վերադարձը մշտական բնակութեան նպատակով ըլլայ եւ արտագաղթը դադրի: Անցեալ անգամ յուսահատութիւն տեսած էի, հիմա վճռականութիւն կը նկատեմ: Մենք  փորձած ենք միջոցներ գտնել, որ ժողովուրդը դուրս բերենք այդ վիճակէն եւ անոր մէջ կրկին արմատաւորենք վճռականութիւնը եւ յարատեւ պայքարի համոզմունքը», ըսած է Յ.Տէր Խաչատուրեան:

Անոր համաձայն, Դաշնակցութեան կառոյցները, ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակները նախորդ ամիսներուն աշխատանք  ծաւալած են, որ համաշխարհային հանրութիւնը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի յարձակողական դիմագիծը եւ ամուր կանգնի Արցախի կողքին:

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ հանդիպումին ընթացքին հիմնականօրէն քննարկուած է արտաքին ուժերու հետ աշխատանքներու համադրման հարցը:

Արցախ կատարած այցելութիւնը ունէր նաեւ ներքին կազմակերպական ուղղուածութիւն. Տեղի ունեցած է հանդիպում Արցախի կուսակցական շրջանակներուն հետ:

30 Ապրիլին` Արցախ կատարած այցելութեան վերջին օրը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մասնակցած է նաեւ Ստեփանակերտի մէջ  ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի փակման արարողութեան:

«Պատանիներէն իւրաքանչիւրի հայեացքին մէջ կը տեսնեմ վճռականութիւն, ապագայի նկատմամբ հաւատ եւ իրենց պատրաստակամութիւնը ամէն գնով աշխատելու, որ Արցախը մնայ կանգուն եւ իրականանայ Արցախի ամբողջականութեան վերականգնումը», ըսած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Աւելցնենք, որ Ստեփանակերտի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպած է Արկատի Ղուկասեանին, Բակօ Սահակեանին եւ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ: