«Արմէնփրէս».-Եւրոխորհրդարանի  աւելի քան 120 պատգամաւորներ դիմած են Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆօն Տէր Լայենին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին` կոչ ուղղելով Ատրպէյճանէն պահանջելու Հայաստան վերադարձնել բոլոր հայ զինուորական գերիները:

Նախաձեռնութեան հեղինակներն են Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հարցով հիմնական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ, ԵԽ պատգամաւորներ Ֆրանսուա-Քսաւիէ Պելամին եւ Լուքաս Ֆուրլաս:

ԵԽ պատգամաւորները իրենց նամակին մէջ յիշեցուցած են, որ Հայաստան ազատ  արձակած է պահուող բոլոր ռազմագերիները` հաւատարիմ մնալով 2020-ի Նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան ոգիին: «Ատրպէյճան ոչ միայն կը շարունակէ պահել իր մօտ հայ ռազմագերիները, այլեւ կասկած կայ, որ ան նոր անձեր՝ քաղաքացիներ  գերեվարած է ռազմական գործողութիւններու պաշտօնական դադարէն վերջ: Դժուար է յստակօրէն նշել ռազմագերիներուն ու գերիներուն թիւը, որովհետեւ մեծ թիւով անձեր անհետ կորած են, իսկ ատրպէյճանական կողմը պատշաճ կերպով չի համագործակցիր, սակայն խօսքը 72 անձերու մասին է, որոնց գերեվարման փաստը Ատրպէյճան ընդունած է, ինչպէս նաեւ` 112 անձերու մասին, որոնց մասին Ատրպէյճանը չէ տրամադրած որեւէ տեղեկութիւն եւ  61 անձերու մասին, որոնց գերեվարման փաստը, թէեւ Ատրպէյճան հերքած է, սակայն անոնց մասին առկայ են հակառակը ապացուցող փաստեր», յայտնած են եւրոպատգամաւորները:

Անոնք յատուկ ընդգծած են, որ սա ոչ միայն միջազգային իրաւունքի խախտում է, այլեւ կը հակասէ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հաշտեցման շուրջ Ատրպէյճանի պնդումներուն:

Խորհրդարանականները յայտարարած են, որ ատրպէյճանական կողմը պահուող հայերը առանց որեւէ նախապայմանի պէտք է ազատ արձակուին:

Անոնք անդրադարձած են նաեւ գերութեան մէջ գտնուող զինուորականներուն ու քաղաքացիական անձերուն նկատմամբ խոշտանգումներու ու բռնութիւններու փաստերուն, որոնց անհերքելի ապացոյցները  ատրպէյճանցիներու կողմէն այդ տեսանիւթերուն համացանցի վրայ հրապարակումներն են:

«Եւրոպայի բարեկամ երկիրը` Հայաստանը, արդէն  շատ բարձր գին  վճարած է այս հակամարտութեան մէջ ու կը շարունակէ տառապիլ այս անմարդկային իրավիճակով: Շատ հայ ընտանիքներ տակաւին կը սպասեն` իմանալու, թէ արդեօք իրենց երեխաները զոհուած են պատերազմի ընթացքին, թէ գերեվարուած են ու հետեւաբար անոնց կեանքը սպառնալիքի տակ է:

Եւրոմիութիւնը այլեւս չի կրնար մինակ ձգել Հայաստանը այս անտանելի իրադրութեան պայմաններուն տակ, մենք պէտք է գործենք, որպէսզի բռնութիւնը  անգամ մը եւս գերակայ չդառնայ օրէնքին: Մենք հպարտ ենք այն սկզբունքներով, որոնք կը միաւորեն մեզ, եւ այդ արժէքները պէտք է ստիպեն մեզ օգտագործելու մեր կշիռն ու բոլոր լծակները` Ատրպէյճանէն պահանջելով յարգել միջազգային օրէնքը: Եթէ Եւրոպան կը փափաքի կեանքի կոչել իր յանձնառութիւնները, ապա պէտք է վստահեցնէ, որ միջազգային իրաւունքի խախտումները իր հարեւանութեամբ չեն դառնար ողբերգական նախադէպ: Հակառակ պարագային, լռութիւնն ու անգործութիւնը կը վերածուին պատմական պատասխանատուութեան:

Որպէս Եւրախորհրդարանի պատգամաւորներ` կը յորդորենք ձեզ գործել ու պահանջել բոլոր հայ ռազմագերիները իրենց երկիրը վերադարձնել», ըսուած է նամակի եզրափակիչ բաժինին մէջ: