Օրերս Արցախի մէջ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Սոցինթերնի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որոնք ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ հանդիպում  ունեցած են Արցախի երիտասարդներուն հետ:

Հանդիպումին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան  խօսած է Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղուած յառաջիկայ գործունէութեան մասին:

Մարիօ Նալպանտեան անդրադարձած է 1950-60-ական թուականներուն Հարաւային Ամերիկայի ժողովրդական շարժումին եւ Քուպայի յեղափոխութեան մասին` համեմատելով այսօրուան Արցախեան իրականութեան հետ: