«Երկիր».- Հինգշաբթի, 6 Մայիս, 2021-ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը զգալիօրէն կարգաւորուած է, աննշան միջադէպերը արագ եւ արդիւնաւէտօրէն կը լուծուին ռուս խաղաղապահներու կողմէ:

«Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գործընթացով մենք նկատի  ունինք դրական միտումներ: Իրավիճակը  զգալիօրէն կարգաւորուած է: Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը կը գործէ որպէս անվտանգութեան երաշխաւոր, տեղակայուած է շփման գիծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքին մէջ: Փոքր միջադէպեր, առանց որոնց, հաւանաբար, ոչ մէկ գործողութիւն տեղի կ՚ունենայ, արագ եւ արդիւնաւէտօրէն կը լուծուին մեր խաղաղապահ զինծառայողներու կողմէն: Անոնք նաեւ մշտական ուշադրութիւն կը դարձնեն ռազմագերիներու փոխանակման աւարտին», ըսած է Լաւրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Լաւրով նաեւ դիտել տուած է, որ փոխվարչապետերու մակարդակով եռակողմ աշխատանքային խումբը «գործուն, ռիթմիկ կշռոյթով կ’աշխատի»:

Իր կարգին, Այվազեան ըսած է, որ նախարարները «արդէն քննարկած են ԼՂ կարգաւորման մասին քանի մը հարցեր»: «Մենք կարեւոր կը համարենք ԵԱՀԿ եռեակի հովանիին տակ խաղաղ գործընթացի վերսկսման համար պայմաններու ստեղծումը: Ամենակարեւոր հարցն է ապահովել, որ Ատրպէյճանը կատարէ բոլոր ռազմագերիներու եւ ձերբակալուած անձերու ազատումը, այս հարցը պէտք է կարելի եղածին չափ արագ լուծուի, որուն մասին կը վկայեն նաեւ շարունակական յանցագործութիւններու առնչութեամբ բազմաթիւ տուեալները», աւելցուցած է հայ նախարարը: