Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը արձագանգած է ԱՄՆ պետքարտուղարի յայտարարութեան, ուր ան անդրադարձած է 5 Մայիսին հայ ռազմագերիներու վերադարձին: Պետքարտուղար Էնթընի Պլինքըն թուիթերեան իր էջին վրայ գրած է. «ԱՄՆ-ն կ’ողջունէ Ատրպէյճանի կողմէն երեք հայ կալանաւորուածներու ազատ արձակումը: Մենք կոչ կ’ուղղենք  երկու կողմերուն ամբողջութեամբ եւ արագօրէն աւարտելու բոլոր բանտարկեալներու, կալանաւորուածներու եւ դիերու փոխանակման գործընթացը, յարգելու կալանաւորներու նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունք ապահովելու անոնց պարտաւորութիւնները», ըսած է ԱՄՆ պետքարտուղարը:

Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը հակադարձած է. «ԱՄՆ-ի մեր կառավարութիւնը ՍԽԱԼ է` իրաւաբանօրէն եւ բարոյապէս: Ան կը շարունակէ Ատրպէյճանի կողմէն պատանդ պահուող հայերը ներկայացնել իբրեւ կալանաւորուածներ (Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուածով) եւ ոչ թէ ռազմագերիներ (միջազգային իրաւական սահմանումը): Այս բառախաղը Պաքուին կարելիութիւն կու տայ պահելու, խոշտանգելու եւ սպանելու հայ ռազմագերիները:

Նշենք նաեւ, որ Պլինքըն իր յայտարարութեան մէջ դիմած է երկու կողմերուն, սակայն բազմաթիւ աղբիւրներ յայտնած են, որ հայկական կողմը ատրպէյճանական գերիներ չունի, երէկ նաեւ եւրոպատգամաւորները Եւրոխորհրդարանի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահներուն ուղղուած նամակին մէջ յատուկ նշած էին, որ Հայաստան ազատ  արձակած է պահուող բոլոր ռազմագերիները` հաւատարիմ մնալով Նոյեմբեր 2020-ին  ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան ոգիին: