«Արմէնփրէս».-Լաթվիան պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է Լաթվիոյ, Լիթվիոյ եւ Էսթոնիոյ ՀՀ դեսպան (առաքելութիւնը աւարտած է) Տիգրան Մկրտչեան:

«Լաթվիան վերջապէս պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կողմ արտայայտուեցան Սաեյմայի 100 անդամներէն 58-ն: Տարիներ առաջ դժուար պատկերացնելի էր, այսօր դարձաւ իրականութիւն: Սա վերջին տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է, ուր էական  եղած է դիւանագիտութեան զինանոցի գրեթէ ողջ պաշարի կիրառումը` քաղաքական գործակցութեան շփումները, խորհդարանական դիւանագիտութիւնը, մշակութային դիւանագիտութիւնը /ամենատեսանելին  եղած է, նաեւ խիստ կարեւոր/, համայնքային եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներգրաւուածութիւնը /որ եղած է ամենաերկարատեւը եւ հետեւողականը/: Այս ամէնուն ամբողջութիւնը, առաւել վերջին տարիներուն մեր աշխատանքներուն մէջ որոշ շեշտադրումներու փոփոխութիւնները յանգեցուցին այս արդիւնքին:

24 Ապրիլ 2020-ին Լաթվիոյ խորհրդարանի երկու ուժեր, որոնք նաեւ իշխող միութեան անդամներ են` «Նոր Պահպանողականներու» եւ «Զարգացման` Այո»՛ կուսակցութիւնները արդէն կատարած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող եւ դատապարտող յայտարարութիւններ: Այս ուժերուն, ինչպէս նաեւ «Համաձայնութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն մեծ մասին նախաձեռնութեամբ Փետրուար 2021-էն սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, որուն հետեւանքով բանաձեւ-յայտարարութիւն ներկայացուեցաւ 23 Ապրիլին: 29 Ապրիլին նախնական բանաձեւի տարբերակը առարկութիւններով յետաձգուեցաւ մէկ շաբաթով: Բանաձեւի փոփոխուած տարբերակ առաջարկեց արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը, որուն շուրջ նոյնպէս ծաւալուեցաւ քննարկում եւ նոյնպէս վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին զուգահեռ աշխատանքներ  ծաւալած է այս ուղղութեամբ», գրած է Մկրտչեան:

Ան  յատուկ շնորհակալութիւն  յայտնած է փոխխօսնակ Տակմարա Պէյթներէ Լէ Գալլային, «Նոր Պահպանողականներ» խորհրդարանական խումբի ղեկավար Իւրիս Իւրաշսին, Սաեյմայի քարտուղար, հայ ժողովուրդի հին բարեկամ Անտրէյս Քլեմենթեւսին, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար, «Զարգացման` Այո»՛ խորհրդարանական խումբի ղեկավար, Սաեյմայի փոխքարտուղար Մարիա Կոլուպեւային, ինչպէս նաեւ  Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ներկայ ղեկավար Ռիյարտ Քոլսին, յանձնաժողովի նախկին նախագահ, այժմ փոխնախագահ Օյարս Քալնինչին: