Այս տարի հայութիւնը ոգեկոչեց Հայկական Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը: Ապրիլ 24-ը իւրայատուկ օր է. աշխարհի բոլոր հայերը անխտիր միաւորող, ամէն տարի վերանորոգ պատգամով կըրկնուող: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած այլեւս սրբադասուած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակի եւ մեր պահանջատիրութեան հանդէպ հաւաքական մեր հաւատարմութիւնը վերահաստատելու օր:
1915-1965 ամբողջ կէս դար սգացինք մեր նահատակները: Իսկ 1965-էն 24 Ապրիլը կ’ոգեկոչենք Հայ Դատի պայքարին մէջ մեր արձանագրած նուաճումներուն, առկայ հրամայականներուն եւ դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն թելադրականութենէն բխող հոգեզգացողութեամբ եւ մտածումներով:
Ցեղասպանութեան յիսնամեակը անկիւնադարձ մը եղաւ Հայ Դատի նոր փուլի մը սկիզբ դնելով. դուրս եկանք ցեղասպանուած ազգ ըլլալու հոգեվիճակէն, հայրենի հայութիւն եւ Սփիւռք ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ոտքի կանգնեցանք, ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ բռնցքուեցանք ու ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ բարձրացուցինք ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ջահը: Շեշտակի կերպով բարձրաձայնեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ անոր մոռացութեան մատնուած ըլլալը, պետութիւններուն՝ իրենց լռութեամբ թըշնամիին ոճիրին մեղսակից ըլլալու իրողութիւնը, բայց մանաւանդ Թուրքիայէն պահանջեցինք մեր իրաւունքները, առաջին հերթին՝ մեր հողերը: Այսպէս ծնունդ առաւ «Հայ Դատ» հասկացութիւնը, որ ըստ էութեան, բնոյթով եւ վախճանական նպատակով ՀՈՂԻ ու ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ դատ է, որուն վախճանական նպատակը կ’իրագործուի երբ կրկին տէրը դառնանք կորուսեալ հայրենիքին: Որովհետեւ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը գործադրեց՝ մեզ բնաջնջելու եւ մեր հայրենիքին Արեւմտահայաստանի տիրանալու համար: Ան Հայաստանը հայաթափելու իր քաղաքականութիւնը 44-օրեայ պատերազմին Արցախի վրայ գործադրեց: Ան կը շարունակէ հետապնդել համաթուրանական իր նպատակը, որն իրագործելու համար խոչընդոտ կը նկատէ Հայաստանը: Ան դէմ է Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան 1918-էն ի վեր: Եւ եթէ այն օրերուն Հայաստանը քարտէզէն ջնջելու եւ հայը բնաջնջելու իր ծրագիրը չյաջողեցաւ վերջնակէտին հասցնել, միայն այն պատճառով որ հայութիւնը յաղթեց Սարդարապատի մէջ:
Յիսնամեակին յաջորդած տասնամեակներուն քարոզչական, յարաբերական, ցուցական, ուժական մարտավարական ընտրանքներով եւ անոնց գործադրութեամբ տարուէ տարի ընդլայնեցինք մեր պայքարի շրջագիծը, ստեղծեցինք Հայ Դատը հետապնդող կազմակերպական տարածուն ցանց, ցեղասպանութեան մասին հրատարակուեցաւ ակադեմական պատկառելի գրականութիւն, հաստատուեցան յարաբերական կապեր միջազգային կազմակերպութիւններու եւ պետական շրջանակներու հետ, քիչ մը ամէն կողմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը քաղաքական օրակարգի քննարկման նիւթ դարձաւ եւ սկիզբ առաւ անոր ճանաչումը:
Մինչեւ Հայաստանի վերանկախացում սփիւռքահայութիւնը գրեթէ առանձին տարաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Բազմածաւալ ու հետեւողական գործունէութեան նպատակն էր մղել պետութիւնները, որ ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, իսկ Թուրքիան՝ ընդունի իր հայասպանական ոճիրը:
1988-ի Արցախեան շարժումով, Հայ Դատը սկսաւ աշխատանք տանիլ Արցախի խնդիրը միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան յանձնելու ու լուսաբանելու, Արցախի ինքնորոշման, իսկ աւելի ուշ անկախութիւնը ճանչցնել տալու ուղղութեամբ:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը յիշատակեցինք մեծաշուք կերպով. սրբադասուեցան Եղեռնի մեր նահատակները եւ նոյն առիթով Համահայկական Հռչակագիրով պետական մակարդակով վերամրագրուեցաւ հայութեան պահանջատէրի միասնական կամքը՝ ԿԸ ՅԻՇԵՄ Ու ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ կարգախօսով: Հայութեան պետական, ներկայացուցչական կողմերու եւ դէմքերու ներկայութեամբ Ծիծեռնակաբերդէն հնչող միասնական կեցուածքն ու ուժական կարգախօսը, բնականաբար, անտարբեր չէին կրնար ձգել Թուրքիան: Ի՞նչը կրնար զայն անհանգստացնել եթէ ոչ՝ հայութեան ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ու Հայաստանի Հանրապետութեան ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԻ կեցուածքը:
Երկար տասնամեակներու վրայ տարածուող պահանջատիրական երթին մէջ, վարչապետով ներկայացող Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը լուրջ եւ մտահոգիչ ետդարձ կը կատարէ՝ Թուրքիոյ հետ նոր յարաբերութիւններ սկսելու՝ իբրեւ թէ խաղաղութեան սիրոյն եւ Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգացնելու նպատակով: Մինչ նոյն ատեն մէկ կողմէ Պաքուն կը սպառնայ՝ Զանգեզուրը գրաւելու, միւս կողմէ Անգարա տնտեսական կարելիութիւններ կ’առաջարկէ Հայաստանին՝ նախապայմաններ առաջ մղելով: Անոնք մէկը քաղաքական խայծով, միւսը սպառնալիքով Հայաստանին վրայ ճնշում կը բանեցնեն՝ խաղի իրենց կանոնները պարտադրելով անոր:
Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի հարցով ալ սկսան նոր կէտէ բանակցիլ Ատրպէյճանի հետ, արդիւնքը բոլորիս յայտնի է՝ կորսընցուցինք Արցախի մեծ մասը: Ներկայիս վտանգուած է Մեղրին, ամբողջ Սիւնիքը։
Աշխարհաքաղաքական կացութիւնները, պետութիւններու միջեւ մրցակցութիւններն ու շահակցական համագործակցութիւնները փոփոխական են, մեր ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ տեւական, կայուն գործընթաց է անփոփոխ նպատակի համար:
Ինչո՞ւ ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի Իշխանութեան այս շրջադարձային կեցուածքը Թուրքիոյ նկատմամբ: Ե՞րբ սկսաւ այս շրջադարձը, Արցախը յանձնելէ ե՞տք, ո՞ւր փնտռել պատճառները, ո՞վ կամ որո՞նք են անոր պատասխանատուները: Եւ մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ ետ քայլի վիճակը, եւ շարունակուելու պարագային ի՞նչ ժխտական հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեր պահանջատիրական երթին համար, եւ ի՛նչ ժխտական ազդեցութիւն ազգային միասնութեան եւ մեր հաւաքական կեանքին վրայ: Հայաստանի մէջ վերջին երեք տարիներու իրադարձութիւնները միայն ներպետակա՞ն շրջագիծի մէջ պէտք է դիտել, թէ ունին իրենց արտաքին շրջօնը, որքա՞ն է անոր ազդեցութիւնը: Կարեւոր են այս հարցադրումները ու անոնց պատասխանները, ըստ այնմ ծրագրելու համար մեր պահանջատիրութեան հետագայ ընթացքը, ուղղութիւնները:
Ցեղասպանութենէն եւ անոր հետեւանքներէն բխող դատը ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏՆ Է: Հետեւաբար անոր ռազմավարութիւնը ճշդողը, մարտավարական ընտրանքները որոշողը ՄԵՆՔ պէտք է ըլլանք: ՄԵՆՔԸ ազգն է, եւ ոչ միայն իշխանութիւնը:
Ցեղասպանութիւնը նաեւ ոճիր է համայն մարդկութեան դէմ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը պարտի կանգնիլ ճշմարտութեան արդարութեան կողմը, ՄԵՐ կողքին, եւ ոչ թէ Թուրքիոյ:
Արցախեան 44 օրեայ պատերազմին, հակառակ օրինակին ականատեսը դարձանք անգամ մը եւս: Միջազգային ընտանիքը քար լռութիւն պահեց, երբ Թուրքիա-Ատրպէյճան միասնաբար Արցախի հայութեան դէմ գործադրեցին Ցեղասպանութիւն, (Ց.եան կարելի չէ տալ «մեծ» կամ «պզտիկ» որակականները: Արարքն է դատապարտելի եւ ոչ թէ անոր չափը), պատերազմական բազմապիսի յանցագործութիւններ, մարդկային իրաւանց բազմաթիւ խախտումներ:
Բայց քաղաքականութեան մէջ պետութիւնները կը գործեն անհոգի, իրենց շահերը նկատի ունենալով: Պարտինք մենք եւս հմուտ դառնալ այս մարզին մէջ: Երբ մանաւանդ դեռ Հայկական յեղափոխութեան եւ Սարդարապատի ժամանակներէն դառն փորձառութեամբ եւ արեան թանկ գնով քաղաքական իմաստութիւն ձեռք ձգած ենք մեր մինակ ըլլալուն: Երբ մինակ ես նախեւառաջ պէտք է վստահիս սեփական ուժերուդ:
Արդարեւ, ինչ որ շահած ենք Հայ Դատի պայքարին ընթացքին այդ եղած է բացառապէս մեր աշխատանքներուն շնորհիւ: Պետութիւններ եւ երկիրներու խորհրդարաններ եթէ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը անոնց ետին պէտք է տեսնել Հայ դատի տասնեակ տարիներու հետեւողական աշխատանք:
Բնականաբար եւ տրամաբանօրէն արդար Դատ ունեցողը չի հրաժարիր իր պահանջներէն եւ չի դադրիր զանոնք հետապնդելէ: Իր դատը կը շարունակէ մինչեւ որ արդարութիւնը վերահաստատուի:
Արդար դատի տէր ենք հետեւաբար արտօնելի չէ մեզի իբրեւ ազգ եւ պետութիւն որեւէ պարագայի ձեռնթափ ըլլալ անկէ : Այդ ճակատի վրայ մերժելի է ամէն ձեւի ընկրկում: Դատապարտելի է որեւէ ետ քայլ, բայց մանաւանդ անընդունելի է հրաժարիլ ԴԱՏԷՆ, որովհետեւ տրամաբանութեան իսկ հակառակ է:
Աւելի՛ն, մենք մեր դատի հետապնդումով մեր մասնակցութիւնը կը բերենք քաղաքակիրթ մարդկութեան զարգացման: Որովհետեւ ՄԵՐ,և ինչպէս նաեւ այլ իրաւազրկուած ազգերու դատերու,և արդար լուծումով է, որ աշխարհը պիտի դառնայ աւելի արդար: Այլապէս խաբուսիկ է, եւ կայուն ու տեւական չի կրնար ըլլալ ոչ մէկ խաղաղութիւն: Արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար նախապայման է ազգերու ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնումը:
(շար. 1)
Շողեր Աշըգեան