«Արմէնփրէս».- Քանատան Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր գերիները ազատ արձակելու կոչ ուղղած է.

Քանատայի կառավարութեան արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի բաժինի` «թուիթըր»-ի միքրոպլոկին վրայ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ  յիշուած է. «Քանատան կ’ողջունէ Ատրպէյճանի կողմէն 3 գերիներուն ազատ արձակումը, որ առանցքային քայլ կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման հարցին մէջ: Քանատան կը շարունակէ բոլոր կալանաւորուածները ազատ արձակելու կոչ ուղղել»: