«Երկիր».- ՀՀ երկրորդ նախագահի գրասենեակի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան տարածած միատեղ հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ  Կիրակի օրը` 9 Մայիսին, ժամը 15:30, «Կրանտ Հօթէլ Երեւան» հիւրանոցի նախասրահին մէջ (Աբովեան 14) տեղի կ’ունենայ ՀՀ երկրորդ Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական գործակցութեան մեկնարկին նուիրուած նախաձեռնութիւն, իսկ այնուհետեւ Ազատութեան հրապարակին մէջ` իրադարձութեան նուիրուած հաւաք: