28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախութեան 103-ամեակը Հալէպի մէջ յիշատակուեցաւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ,
հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի։
ՍԵՄ֊ի երիտասարդները Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս վեր առին անկախութեան արժէքը, անկախութիւնը կերտող սերունդին սխրանքներուն ու զոհաբերութեան ոգիին անդրադարձան եւ զուգահեռներ գծեցին 1918֊ի եւ ներկայ ժամանակներու քաղաքական պայմաններուն եւ թշնամիին նկրտումներուն միջեւ։
Հանդիսութեան ամբողջ յայտագիրը պատրաստեցին եւ ներկայացուցին ՍԵՄ֊ի անդամները։
Անոնք վկայեցին, որ հաւատարմօրէն պիտի կրեն ու կեանքի կոչեն անկախութեան սերունդին թողած ազգային ժառանգութիւնը։
Հպարտութիւն առթող երեւոյթ էր մեծաթիւ երիտասարդութեան միասնական աշխատանքին արդիւնքն ու աշխուժ մասնակցութիւնը։
Մանրամասնութիւնները՝ “Գանձասար” ի Յունիս Ա. համարով։