Եր­կու­շաբ­թի, 24 Մա­յիս 2021-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 7։00-ին, ՀԵՄ-ի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ հայ երեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րուն հո­վա­նա­ւո­րութ­եամբ,Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին նա­խընտ­րա­կան փա­ռա­տօն, առ ի զօ­րակ­ցու­թիւն Սուր­իոյ նա­խա­գա­հական թեկ­նա­ծու տոքթ. Պաշ­շար Հա­ֆէզ ալ Ասա­տի։
Փա­ռա­տօ­նը սկ­սաւ սկաու­տա­կան տո­ղանց­քով Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ շր­ջա­փա­կէն մին­չեւ Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րան։ ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բը ազ­գա­յին եր­գե­րով առաջ­նոր­դեց տո­ղան­ցող­նե­րը դէ­պի Ճե­մա­րան, յա­ջոր­դա­բար տո­ղան­ցե­ցին նա­եւ ՀՄԸՄ-Ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի խմ­բա­պե­տա­կան կազ­մը, գայ­լի­կա­կան եւ ար­ի­ա­կան մի­ա­ւոր­նե­րը։
Փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­ցան Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եան, Բեր­իոյ Թե­մի Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Առաջ­նորդ Ար­հի. Տէր Պետ­րոս Արք. Մի­րիա­թեան, Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի դոկտ. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան, հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Սուր­իոյ խորհըր­դա­րա­նի հայ երես­փո­խան­ներ, Պաղեստինեան Ֆաթ­հի Ապս­տամ­բ կուսակցութեան եւ Սուր­ի­ա­կան Ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, Հա­լէ­պի նա­հան­գա­յին խոր­հուր­դի հայ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը,  Ազգ. Իշ­խա­նու­թեան, հա­լէ­պա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հոծ բազ­մու­թիւն մը։
Ղե­կա­վա­րու­թեամբ Մհեր Սու­սանիի, ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բին կա­տա­րո­ղու­թեամբ հն­չե­ցին Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեանց քայ­լերգ­նե­րը։ Օր­ուան հան­դի­սա­վար Արա Մու­թաֆ­եան ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­լու Սուր­իոյ նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը։
Արա­բե­րէն բաց­ման խօս­քով մեթր Պայ­քար Թով­մաս­եան ըսաւ.
«Սի­րե­լի ղե­կա­վա՛ր, պա­տե­րազ­մէն ետք շեշ­տե­ցիր, որ վի­րա­հա­տա­կան գոր­ծո­ղու­թեան հա­մար պէտք է արիւն թափ­ուի եւ մենք հա­ւա­տա­ցինք ձե­զի: Հայ­րե­նի­քի փր­կու­թեան հա­մար արիւն հե­ղե­ցաւ եւ հայ­րե­նի հո­ղը ոռոգ­ուե­ցաւ, ուս­տի վի­րա­հա­տու­թիւնը յա­ջո­ղե­ցաւ եւ առիւ­ծա­սիրտ զի­նուոր­նե­րը ազա­տագ­րե­ցին մեր հայ­րե­նի­քին սուրբ հո­ղը եւ ծաղ­կե­ցու­ցին զայն: Այս­օր հա­ւաք­ուած ենք ապա­ցու­ցե­լու ողջ աշ­խար­հին, որ մենք ձեր կող­քին ենք, այն­պէս ինչ­պէս դուք մեր կող­քին էիք»:
Հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քով Ան­նա Պար­սամ­եան շեշ­տեց, որ մենք պի­տի ընտ­րենք նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ Ասա­տը, որով­հե­տեւ ան ջա­տա­գո­վը հան­դի­սա­ցաւ աշ­խա­տան­քի ու նո­րա­րա­րու­թեան, դէմ դրաւ Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին գո­յու­թեան սպառ­նա­ցող ահա­բեկ­չու­թեան, պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն բա­նա­կին կող­քին կանգ­նե­ցաւ եւ յաղ­թա­կան դուրս եկաւ պա­տե­րազ­մէն, վե­րա­նո­րո­գեց պա­տե­րազ­մէն վնաս­ուած հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը եւ եկե­ղե­ցի­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ար­դար դա­տը պաշտ­պա­նեց:
 Ելոյթ ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ Գայ­ի­ա­նէ Սի­մոն­եան-Տէր­եա­նի, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ռու­զան Պար­սում­եա­նի:
Այ­նու­հե­տեւ նա­հան­գա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ մեթր Մար­իա Գաբրի­էլ­եան խօսք առ­նե­լով ըսաւ, որ մենք կը զօ­րակ­ցինք տոք­թ Պաշ­շար ալ Ասա­տին, որով­հե­տեւ անոր մէջ կը տես­նենք այն, ինչ չեն ու­զեր տես­նել օտար ու­ժե­րը: Մենք կը քա­լենք իր ուղի­էն առաջ­նորդ­ուե­լով մեր սկըզ­բունք­նե­րով եւ երկ­րի բար­գա­ւաճ­ման տես­լա­կա­նով, այն ուղի­էն, որ մեր խիղ­ճը կ’առաջ­նոր­դէ: Պի­տի մաս­նակ­ցինք ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, պի­տի կա­տա­րենք մեր պար­տա­ւո­րու­թիւնը եւ պի­տի ընտ­րենք նա­խա­գահ մը, որ կր­ցաւ պա­հել հայ­րե­նի­քը, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնը գոր­ծով մարմ­նա­ւո­րեց, սոր­վե­ցուց զէնք վերց­նել, հայ­րե­նի հող պաշտ­պա­նել, ար­տա­քին բո­լոր ճն­շում­նե­րուն դի­մադ­րել: Նա­խա­գահ մը, որ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ ինչ­պէս բո­լոր ար­դար դա­տե­րուն, այն­պէս ալ հայ դա­տին եւ միշտ ընդգ­ծեց Սուր­իոյ մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը, քա­ջա­լե­րե­լով սուր­ի­ա­հա­յե­րը՝ պահ­պա­նե­լու իրենց մշա­կոյթն ու լե­զուն: Իր օրով Լե­զու­նե­րու Բարձ­րա­գոյն Ու­սում­նա­րա­նին մէջ որ­դեգր­ուե­ցաւ հա­յե­րէ­նը, ազ­գա­յին այլ լե­զու­նե­րու շար­քին, դա­սա­ւան­դե­լու դրու­թիւնը:
Ապա հայ­կա­կան եւ արա­բա­կան պա­րե­րով հան­դէս եկաւ Հա­մազ­գա­յին «Ն. Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի «Շու­շի» ման­կա­պա­տա­նե­կան պա­րա­խում­բը։
Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի երես­փո­խան­ներ դոկտ. Լիւ­սի Իս­կէն­եան եւ Ժի­րայր Րէ­իս­եան վեր առին հա­յու­թեան դե­րը Սուր­իոյ ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին մէջ։ Իս­կէն­եան խօս­քը սկ­սաւ նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ Ասա­տի սուր­ի­ահա­յու­թեան մա­սին ար­տա­սա­նած հե­տեւ­եալ նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րով. «Հա­յե­րը սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի ու կա­րե­ւոր մաս­նիկն են: Անոնք հայ­րե­նա­սէր են, այդ մէ­կը փաս­տե­ցին Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն: Սուր­ի­ա­հա­յե­րը ու­նին իրենց անձ­նա­կան դպ­րոց­ներն ու եկե­ղե­ցի­նե­րը, ակումբ­ներն ու միու­թիւն­նե­րը: Երբ Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քը իրենց կա­րի­քը ու­նե­ցաւ, անոնք ար­ձա­գան­գե­ցին անոր կան­չին ու պաշտ­պա­նը դար­ձան երկ­րին ու անոր շա­հե­րուն»: Երես­փո­խա­նը յայտ­նեց. «Հա­լէ­պէն, Նոր Գիւ­ղէն, Սու­լէյ­մանի­է­էն եւ Վիլ­լա­նե­րէն կ’ող­ջու­նենք սուր­ի­ա­կան արի բա­նա­կը, Պա­աս կու­սակ­ցու­թեան գլ­խա­ւոր քար­տու­ղար տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տը, որ իր ան­կեղծ ու արի աշ­խա­տան­քով յոյս ներշն­չեց ժո­ղո­վուր­դին. յոյս՝ աշ­խա­տե­լու, ու­սա­նե­լու, պայ­քա­րե­լու, եր­կի­րը վե­րա­կանգ­նե­լու, որպէս­զի յաղ­թենք ահա­բեկ­չա­կան շար­ժու­մին»:
Իր քաղցր ձայ­նով հայ­րե­նա­սի­րա­կան փունջ մը եր­գե­րով հան­դէս եկաւ Մար­իա Չիչ­եան:
Այ­նու­հե­տեւ խօսք առաւ Ֆաթհ Ապս­տամ­բ Կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սա­միր Նա­ճիպ ու ըսաւ. «Այ­սօր, պա­տիւ ու­նիմ իբ­րեւ Պա­ղես­տին­եան Ազա­տագ­րա­կան Շար­ժու­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հա­լէ­պա­հայ հա­մայն­քին կազ­մա­կեր­պած այս փա­ռա­տօ­նին ներ­կայ գտն­ուե­լու, իմ սի­րե­լի հայ եղ­բայր­նե­րուն կող­քին: Մենք մեր ընտրական պար­տա­ւո­րու­թիւնը կա­տա­րե­լու ենք յա­նուն Պա­ղես­տի­նի, յա­նուն Սուր­իոյ եւ յա­նուն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ար­դար դա­տին: Ինչ­պէս Սուր­ի­ան, այն­պէս ալ Պա­ղես­տի­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր յաղ­թա­կան եր­թը ու մենք զոյգ հայ­րե­նիք­նե­րուն կող­քը պի­տի ըլ­լանք միշտ»:
 Սուր­ի­ա­կան Ազ­գա­յին Կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­լալ Հուա­րի այս առի­թով եւս խօսք առաւ ու հե­տեւ­եա­լը շեշ­տեց. «Մենք մէկ ժո­ղո­վուրդ ենք, մեր տար­բեր գոյ­նե­րով: Պա­տե­րազմն ու թր­քա­կան թշնա­ման­քը դի­մագ­րա­ւե­ցինք ինչ­պէս բո­լորս, նոյն­պէս սուր­ի­ա­հա­յե­րը, սա­կայն պայ­քա­րե­ցանք եւ ձեռք-ձեռ­քի տա­լով յաղ­թե­ցինք»: Ան շեշ­տեց, որ սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ Ալեքսանտրեթէն մին­չեւ Պա­ղես­տին ազա­տագ­րե­լու հա­մար մի­աս­նա­բար պի­տի պայ­քա­րինք մեր ղե­կա­վա­րին գլ­խա­ւո­րու­թեամբ:
Արա­բե­րէն եր­գով հան­դէս եկաւ Լիւ­սի Յով­հան­նէս­եան-Այ­վազ­եան։
Յայ­տա­գի­րին ըն­թաց­քին բազ­միցս ցու­ցադր­ուե­ցան տե­սե­րիզ­ներ, ուր անդ­րա­դարձ կա­տար­ուե­ցաւ Սուր­իոյ նա­հա­տակ­նե­րուն, նա­խա­գա­հին ար­տա­սա­նած կա­րե­ւոր պատ­գամ­նե­րուն եւ Սուր­իոյ նա­խա­գա­հին ներդ­րու­մով վե­րա­նո­րոգ­ուած հայ­կա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րուն եւ կեդ­րոն­նե­րուն:
 Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպու­եան օր­ուան եզ­րա­փա­կիչ խօս­քով յայտ­նեց. «Մեր քուէն ի նպաստ Սուր­իոյ, անոր ներ­կա­յին, ապա­գա­յին եւ եզա­կի ու մի­ակ թեկ­նած­ուին պի­տի տանք: Նա­խա­գա­հի մը, որ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ չկորսըն­ցուց ղե­կա­վա­րե­լու իր ու­նա­կու­թիւնը, հա­ւա­սա­րակշռ­ուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ յա­ջո­ղե­ցաւ քայլ առ քայլ առաջ տա­նիլ եր­կի­րը եւ հա­ւատք ներշն­չել մեր բո­լո­րին»։
Աւար­տին տօ­նա­կան մթ­նո­լոր­տը հարս­տա­ցուց «Սպի­տակ» նուա­գա­խում­բը եւ հան­րա­ծա­նօթ եր­գիչ Վա­հէ Յովհաննէսեանը։
Ժիրայր Կարապետեան