Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Չորեքշաբթի առաւօտուն դիմաւորեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Կողմերը քննարկեցին երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններն ու յատկապէս տնտեսական ոլորտին առնչուող գործակցութեան կարելիութիւնները:
 Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ քաղաքական ներքին անցուդարձերուն, յատկապէս Սահմանադրութեան վերամշակման յանձնախումբին աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ օտար ուժերու՝ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ապօրինի ներկայութեան, որ պատճառ կը հանդիսանայ տարածաշրջանի ապակայունացման:
Նախագահ Ասատն ու Զարիֆը քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային հարցեր, լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս իսրայէլեան յարձակումները պաղեստինեան հողերուն վրայ եւ Պաղեստինի գրաւեալ տարածքներուն դիմագիծը նենգափոխելու Իսրայէլի նկրտումները:
Զարիֆ զեկուցեց Իրանի հիւլէական թղթածրարի զարգացումներուն եւ անոնց շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մասին, դիտել տալով, որ որոշ կողմեր բացասական, աւերիչ միջամտութիւններով կը փորձեն  խաբանել այս բանակցութիւնները:
Հանդիպման աւարտին Զարիֆ իր երկրին ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ, դիմագրաւելու յետպատերազմեան ծանր պայմանները:
Հանդիպումէն ետք, մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ զրոյցի ընթացքին Զարիֆ յայտնեց, որ  Հալէպի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան բացումը պիտի նպաստէ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններու բարելաւման:
Ան կարեւոր համարեց նաեւ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու կազմակերպումը, աւելցնելով որ Իրան դէտեր պիտի ղրկէ հետեւելու ընտրական գործընթացին: Ան յոյս յայտնեց, որ սուրիացիներ խիտ շարքերով կը մասնակցին նախագահական ընտրութեան՝ ուրուագծելու իրենց երկրի ապագան: