Թուրքն ու ազերին հեռու են քաղաքակրթութենէ: Որովհետեւ  քաղաքակրթութիւն ոչնչացնողներն իրաւունք չունին քաղաքակիրթ ազգերու շարքին դասուելու:  Փաստերը  կ’աղաղակեն:  Անոնք առանձնաբար վերջերս միասնաբար կը շարունակեն քանդել ինչ որ հայկական է:  Կը բաւէ կարգ մը փաստեր բերել 1915-ի  սահմռկեցուցիչ, մարդկային երեւակայութենէ վեր դէպքերուն շարունակութիւնը կազմող եւ Թուրքիոյ կրտսեր եղբօր, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան հանդէպ շարունակուող  ցեղասպանական արարքներէն. Սումկայիթի, Մարաղայի նախճիրներ,   ազգային գետնի վրայ զտումներ, քնացած սպայի գլուխ կտրել, խաղաղ բնակչութեան վրայ միջազգայնօրէն արգիլուած քիմիական զէնքերու  գործածութիւն, եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու ռմբահարում, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում:  Ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի անց  Արեւմտահայաստանի մէջ Թուրքիա կը շարունակէ ոչնչացնել հայկական հետքերը: Դեռ վերջերս քաղաքաշինութեան ծրագրի  վերնագրին տակ  Մուշի Քալէ  թաղամասի հայկական բոլոր տուները  գետնին հաւասարեցուցին:
Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներուն հոգեբանական ազդեցութիւններուն  տակ  կը գըտնուինք:  Այդ իսկ պատճառով այս տարուան Ապրիլ  24-ը  կը տարբերի վերջին  55  տարիներու Ապրիլ  24-երէն:
Այսպէս անցնող 55  տարիներուն, Հայ Դատի ոչ մէկ ճակատի վրայ մենք պարտութիւն կրած ենք: Ընդհակառակն, պահանջատիրական մեր երթը ամբողջ ԿէՍ դար ընթացած է յաղթանակէ յաղթանակ:  Այստեղ երկու օրինակ . 1965-ին ոչ մէկ պետութիւն, խորհրդարան  ճանչցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ անոնց թիւը ներկայիս տասնեակներով կը հաշուըուի: Հողահաւաքի առումով  իսկապէս կարեւոր նուաճում էր Արցախի ազատագրումը, որ պէտք էր անշըրջելի մնար:
Ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ պատերազմին փոքր ցեղասպանութեան պատկերը կը ներկայացնէ: Կրկին անգամ կորսնցուցինք մեր հայրենիքին մէկ մասը, Լիբանանի չափ տարածք, հայրենազրկուեցանք:
Պէտք է հարց տանք.
44-օրեայ պատերազմին. իբրեւ ժողովուրդ, Սփիւռք, հայրենի հայութիւն  թերացա՞նք: Կը կարծեմ՝ ո՛չ: Սփիւռքը, որ 1988-ի արցախեան շարժման բռնկումէն ի վեր միշտ ալ կանգնած է Արցախի կողքին, Երկրորդ պատերազմին ալ  իր  մարդկային, քաղաքական, յարաբերական, նիւթական կարելիութիւնները  հայրենի պետութեան տրամադրութեան տակ դրաւ: Մեր գաղութը նոյնպէս ետ չմնաց իր մասնակցութիւնը բերելու համահայկական զօրաշարժին:  Նոյնիսկ  ունեցանք նահատակ հերոսներ (յաւերժ փառք անոնց):  Հայրենի հայութիւնը պատերազմական ճակատին թիկունքը ամրապնդելու գործին մէջ տուաւ իր առաւելագոյնը եւ լաւագոյնը: Հայ Բանակի զինուորը քաջաբար դիմադրեց թշնամիին: Սակայն ինչպէս կու գային ցոյց տալու  յետպատերազմեան  փաստերը իշխանութիւնը ինքն է որ (կամայ թէ ակամայ) չէ յաջողած  ճգնաժամային կացութիւնը, պատերազմի ընթացքը  վերահսկելի դարձնել թէ՛ զինուորական, թէ՛ յարաբերական մարզերու մէջ՝ ի սկզբանէ ունենալով եւ վարելով պարտուողական  քաղաքականութիւն:
Եւ արդ, իբրեւ արդիւնք այդպիսի քաղաքականութեան,  իբրեւ պետութիւն եւ ազգ  կը գտնուինք  վճռորոշ անկիւնադարձի մը առջեւ՝ պահանջատիրութեան մարզի մէջ:
 Վտանգուած է Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը, Հայկական պետութեան  տարածքային ամբողջականութիւնը,  ինքնիշխանութիւնը:
Միւս կողմէ Արցախը եւ անոր հարցը, որ Հայ դատի անբաժանելի մասն է, կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ:
Երբեք ԴԻՒՐԻՆ չէ եղած Հայ Դատի ճամբան: Ասկէ ետք  ալ  դիւրին պիտի չըլլայ  մանաւանդ  որ  Արցախի հարցը կը  թեւակոխէ աւելի  բարդ փուլ:  Ոչ մէկ հայ կրնայ հաշտուիլ Արցախի կորուստին հետ:  Կա՞յ  հայ մը որ կրնայ ըսել, թէ Շուշին հայկական չէ եւ կրնայ հաշտուիլ անոր կորուստին հետ, կամ համակերպիլ  Արցախի  75%  կորուստին հետ: Անկասկած՝ ո՛չ:
Ինչ են այն մարտահրաւէրները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք:
Արցախի մեծ մասին կորուստով թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի օղակը կը սեղմուի  ՀՀ շուրջ:  Այս կացութեան մէջ պահանջատէր հայութեան  կ’առաջարկուի աջէն ձախէն ներսէն դուրսէն հաշտուիլ Թուրքիոյ հետ, դէպի ապագայ նայիլ եւ  հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէջ նոր էջ բանալ:  Կարելի է՞  հաշտուիլ :
Բայց ինչ տրամաբանութեամբ նոր էջ կարելի է բանալ զոհին եւ ոճրագործին միջեւ, երբ դեռ բաց մնացած հին էջ կայ, որը պէտք է փակուի, ապա միայն նոր էջ բացուի: Ու այդ հին էջը  հայութեան դէմ Ցեղասպանութիւն գործադրողի եւ անպատիժ մնացողի մասին է: Նոր էջ կը բացուի, երբ ցեղասպանը ճանչնայ իր ոճիրը, հատուցէ կորուստներուն դիմաց, ուիլսընեան սահմաններով Արեւմտահայաստանը  վերադարձնէ, այն ատեն միայն կը բացուի նոր էջ:
Առ այդ հայութիւնը բացած է իր նոր էջը, որ սկիզբ առած  է Հայ Դատի պայքարով:
Կ’ըսեն՝ ու կը փորձեն մեզ համոզել, թէ Թուրքիան փոխուած է:
Իսկապէ՞ս: Ո՞վ կը հաւատայ: Կը բաւէ Սուրիոյ տասնամեայ տագնապի  եւ Արցախի վերջին պատերազմին մէջ անոր կործանարար մասնակցութիւնը վեր առնել  ցոյց տալու համար որ  ան չէ փոխուած, նոյն ծաւալապաշտն է, որ նոր օսմանականութեան ու համաթուրանական իր ծրագիրներով  հայրենիքներ կ’աւերէ, կ’աւարէ, եւ անոնց հողային ամբողջականութիւնը կը մասնատէ: Կը բռնագրաւէ  ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու տարածքներ՝ անոնց բնական պաշարներն ու հարստութիւնները կը շահագործէ սանձարձակ ձեռքերով:
Միջազգային ընտանիքը անցնող  տասը տարիներուն այնպէս  ալ զսպողական քայլերու չձեռնարկեց   անոր  դէմ:
Թուրքիոյ կողմէ նոյն մարտահրաւէրը  դիմագրաւելով՝ ՀՀ ու արաբական երկիրները, մանաւանդ Սուրիան, քաղաքական բնական դաշնակիցներ են: Միջին Արեւելքի գաղութները այս գծով մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն:
 Արցախի հարցին, Հայ դատին կրօնական գունաւորում տալ կը փորձեն, մինչդեռ մեր դատը  ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏ է եւ կրօնական բնոյթ չունի: Այս մարզին մէջ ամէն մէկ հայ կրնայ  Հայ Դատի կամաւոր ըլլալ՝  իր շրջապատին  բացատրելով մեր պահանջատիրութեան իսկութիւնը: Պէտք ունինք յանձնառու եւ ոչ թէ անտարբեր հայերու, ինքզինք հայ դատին կապուած զգացող, եւ անոր իր ներդրումը բերող, պահանջատէրի կեցուածք ցուցաբերող հայ մարդու տեսակին թէ՛ Հայրենիքին մէջ եւ  նաեւ՝ Սփիւռքի:
Մեզ կը մղեն որ շեղինք հայ դատի ուղղութենէն  ու ընթանանք մեզի թելադրուող ու պարտադրուող  պայմաններով: Իբրեւ կազմակերպուած միասնական հայութիւն պատրաստ պէտք է ըլլանք ՈՉ ըսելու  մեզ մեր պայքարէն շեղեցնող բոլոր փորձերուն ու փորձութիւններուն:
Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլերու յաջորդականութիւնը այնպէս ցոյց կու տայ, որ անոնք գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ  ծուղակը ինկած են,- չըսելու համար մասնակից են,- Թուրքիան  հայկական հարցէն ազատելու մեծ խաղին: Համաթուրանականութեան ճամբան Հայաստանի վրայով անցնելու պարագային՝  հարցական կը դառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը: Մինչդեռ Հայկեան ռազմավարութեամբ «Ոչ ենթակայ եւ ոչ ալ կամակատար» ըլլալու  քաղաքականութեան պարագային ՀՀ տարածաշրջանին մէջ  կրնայ դառնալ  գործօն դերակատար: Անցնող երեք տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը  թուլացաւ  քիչ մը ամէն մարզի մէջ,  մինչդեռ իւրաքանչիւր հայու ցանկութիւնն է  Հայաստանը տեսնել համերաշխ  հասարակութեամբ հզօր պետութիւն,  տնտեսապէս, կեանքի բարեկեցութեան մակարդով բարգաւաճ: Բաժնէ որ իշխես տրամաբանութեամբ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը,  ազգը  տարբեր գոյներու բաժնելը չի ծառայեր այդ նպատակին: Ընդհակառակը կը թուլացնէ ազգային միասնութիւնը, որ առաջին գրաւականն է մեր  բոլոր յաղթանակներուն:
Հայաստանի մէջ կը սպասուին արտակարգ  խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կատարուելու պարագային պէտք է ազգային  ուժեր գան իշխանութեան, որոնք ի վիճակի կ’ըլլան վերջակէտ դնելու ներկայ  պարտուողական իրավիճակին, եւ նոր քայլերով գէթ կը փորձեն ետ բերել վերջին պատերազմի կորուստներուն մէկ մասը գոնէ:
Այսօր հայութիւնը կ’ապրի մեծ հիասթափութիւն: Պատերազմի մէջ պարտութիւնը, մարդկային անդառնալի կորուստներուն ահաւոր մեծ թիւը, բայց  մանաւանդ  Հայաստանի իշխանութիւններուն տեղի տուողի, ետ քայլ կատարողի քաղաքականութեան պատճառով:
Ցեղասպանութեան խոցը յաղթահարելէ ասդին,  հայութիւնը հոգեբանական այսպիսի վիճակի չէ մատնուած: Յաղթանակած ազգ էինք, պարտուած ազգի կարգավիճակ եւ հոգեբանութիւն ունինք: Միացեալ Հայաստանի մեր մեծ նպատակի ուղղութեամբ հայրենի Արցախը ազատագրած ազգ էինք, անոր մեծ մասին կորուստով հայրենազրկումի ցաւը կ’ապրինք:  Սակայն եւ այնպէս.
Թէեւ յուսախաբ ենք, բայց ոչ յուսալքուած,
Թէեւ պատերազմի մէջ պարտուած ենք, բայց չենք ծնկած ինկած,
Նոր թափ ստացած հակահայ արշաւէ դէմ՝ սթափ ենք ու զգաստ
Ներազգային կեանքի մէջ ժողովրդահաճոյ մոլորեցնող կեղծ կարգախօսները մերժելով՝ անհողդոդ ենք, անսայթաք,
Աշխարհի չորս կողմերէն մանաւանդ  մեր նայուածքները Ծիծեռնակաբերդին եւ Եռաբլուրին ենք սեւեռած:
Մարտահրաւէրներուն դէմ՝ պահանջատիրութեան ջահը բարձր ենք բռնած
Հայոց ցեղասպանութեան Արցախի անկախութիւնը միջազգային ընտանիքին. ճանչցնելու աշխատանքները, Հայ Դատի քարոզչութիւնը առաջ կը տանինք աննահանջ:
Ներկայ հանգրուանին մարտահրաւէրները  լուրջ են եւ բազմատեսակ:
Մեր պայքարը հայկական յեղափոխութեան ծնունդէն, 1880-ականներէն ի վեր  Ինչպէս Սասունցի Դաւիթի Կռիւը  Մսրայ Մելիքին դէմ անհաւասար ուժի դէմ է, բայց յարատեւ  ու յաղթական մարտնչումի սխրալի օրինակ է.
Երկարաշունչ պայքարի դիմանալու համար՝ հայրենասէր ու հայրենանուէր, գաղափարականի տէր, քաղաքականացած սերունդներու պատրաստութիւնը անհրաժեշտութիւն է տեւաբար:  Սփիւռքի մէջ  մեր սերունդները  իրենց հայկական ինքնութիւնը պահելու հարցը կը դիմագրաւեն: Չմոռնանք, որ Հայ Դատի աշխատանքները  մեծապէս նպաստեցին  սերունդներու  հայապահպանման: Հետեւաբար պարտինք շարունակել մեր սերունդներու քաղաքականացման գործընթացը՝ նոր թափ հաղորդելով հայեցի կրթութեան:
Պարտինք Հայ Դատի  ռազմավարական հիմնական ուղղութիւններուն նոր լիցք,  առաւել ուժականութիւն հաղորդել, մեր բարեկամներու շրջանակը աւելիով ընդլայնել,  հանրային հայանպաստ կարծիք ձեւաւորել, Ցեղասպանութեան եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման հետ մէկտեղ հատուցման պահանջները առաջ  մղել՝ քաղաքական, դիւանագիտական, իրաւաբանական ճակատներով: Մտածենք պայքարի նոր ձեւերու  մասին:  Սփիւռք եւ Հայաստան  պահանջատիրական մարզի նոյն  ուղղութեամբ յառաջ ընթանան:
Հետզհետէ արմատ կը նետէ մտայնութիւն մը, թէ ՀՀ ինչ քաղաքականութիւն որ կ’ուզէ կը վարէ Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ ա՛ն է պետութիւնը:  Մինչդեռ Հայ Դատի պայքարին մէջ Հայաստանն ու Սփիւռքը  համագործակիցներ են, լծակիցներ:
100 ամեակի  կարգախօսը  աւելի քան այժէական  է եւ անոր պէտք է  վերադառնայ  հայրենի պետութիւնը՝ կեանքի կոչելով ՊԱՐՏՈՒՈՂԱԿԱՆի ՏԵՂ  ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ  ուղղութիւնը:  Ահա թէ ինչու պետութեան ղեկին պէտք է գայ ազգային իշխանութիւնը, որ պետական մակարդակով  հետապնդէ պահանջատիրութիւն:
  Հարց տանք. ո՞վ կրնայ մեզմէ խլել մեր հաւաքական  յիշողութիւնը,  ո՞վ կրնայ մեզ մեր արդար իրաւունքներու պահանջատիրութենէն  ետ կեցնել, կամ պահանջատիրութեան ջահը մեր ձեռքէն խլել, մեզ մեր ազգային տեսլականէն  հրաժարեցնել: Այս բոլորն է որ կը պահանջեն մեզմէ  Հայաստանի ու հայութեան ծածուկ թէ յայտնի, նոր ու հին  թշնամիները:
Եւ դառնանք հարց տանք  ինքներս մեզ՝ կրնա՞նք  չյիշել, կրնա՞նք չպահանջել….
Բնաւ եւ երբեք:
Հայութիւնը այս Ապրիլ  24 -ին  վերահաստատեց   իր պահանջատէրի կեցուածքը:  Բոլորս ալ Պահանջատէր ենք:
 Ամէն տեղ ուր  հայութիւն կ’ապրի, տեղի ունեցան  պահանջատիրական ոգիով տարբեր բնոյթի ելոյթներ: Հայութիւնը Սփիւռքի տարածքին եւ Հայրենիքի մէջ  միասնական իր ձայնը  լսելի դարձուց անգամ մը եւս՝ ցոյց տալով պահանջատէրի հաւաքական հաստատուն իր կամքը, խնկարկեց  սրբադասուած մեր նահատակներուն յիշատակը, խոնարհեցաւ   Հայ Դատի ճամբուն վրայ  ինկած հերոսներուն յիշատակին առջեւ, բայց մանաւանդ  միլիոնաւոր հայեր աշխարհով մէկ Արցախի երկրորդ  պատերազմի   ծաղիկ  ու լոյս մեր  նահատակներուն անունով,  անոնց փոխարէն, անոնց յիշատակին առջեւ  գլխահակ երկիւղածութեամբ եւ առ ի գերագոյն  յարգանք ու գնահատական անոնց  սխրագործութեան, մաքուր ու հանգիստ խղճով,  ճակատաբաց համարձակութեամբ «Պատիւ ունիմ» ըսաւ:
Հաւաքական ուժ. յարատեւ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ. Եւ մենք յաղթանակներ անպայման կը կերտենք:
Ամրակուռ կամք  եւ  բարի երթ անպարտելի հայութեան:
(շար. 2 եւ վերջ)
Շողեր Աշըգեան