Երկուշաբթի, 17 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական դեսպանատուները ամբողջացուցին իրենց նախապատրաստութիւնները սուրիական նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու գծով։ Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Հինգշաբթի, 20 Մայիս 2021-ին։ Թեհրանի, Պէյրութի, Հարաւային Ափրիկէի, Պրազիլի, Վենեզուելայի եւ այլ երկիրներու մէջ։ Սուրիացի դեսպանները յայտնեցին, որ նախագահական ընտրութիւններուն նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները ամբողջացած են՝ ըստ ընտրութեան օրէնքներուն եւ սուրիական սահմանադրական բարձրագոյն դատարանի թենադրանքներուն։ Նախապէս, Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ յայտնած էր, որ սուրիական նախագահական ընտրութիւնները այլ երկիրներու մէջ տեղի պիտի ունենան Հինգշաբթի, 20 Մայիս 2021-ին, իսկ Սուրիոյ մէջ, Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ին։