«Երկիր Մետիա».-Նիկոլ Փաշնեան 17 Մայիսի առաւօտեան տեղի ունեցած Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին  անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին ծաւալուող իրադարձութիւններուն: Նիստէն ետք, ըստ Փաշինեանի դիմատետրի գրառումին, սահմանի որոշ հատուածներուն մէջ նկատուած է լարուածութեան եւ ատրպէյճանական ուժերու յարձակումի աճի միտում:

«Բացի ներքին անվտանգային նախաձեռնութիւններէն, Հայաստանը աւելի կ’աշխուժացնէ  Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրով եւ հայ-ռուսական ռազմավարական համակարգով նախատեսուած արձագանգումի ընթացակարգերը», գրած է ան:

Փաստօրէն ան` ոչ ուղղակիօրէն, բայց հաստատեց, որ ատրպէյճանական ուժերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, աւելին` կը սրեն իրավիճակը սահմանի որոշ հատուածներու մէջ: