«Երկիր».-Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու յստակեցման գործընթացը ընթացքի մէջ է, բանակցութիւնները կը շարունակուին, անոր խօսքին համաձայն,Երեւանի ՀԱՊԿ-ին դիմումը անհիմն է, սահմանին բախումներ չեն եղած, իրավիճակը կայուն է:

Երկուշաբթի Ալիեւը հեռախօսազրոյց ունեցած է իր ղազախ գործընկեր Քասըմ-ժոմարտ Տոքաեւի հետ:

«Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ղազախստանի նախագահին տեղեկացուցած է հայ–ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Այս առնչութեամբ Ատրպէյճանի նախագահը ըսած է, որ սահմանի յստակեցման գործընթաց ընթացքի մէջ է, հայկական կողմը ոչ պատշաճ կերպով  արձագանգած է այս գործընթացին: Այս առիթով Հայաստանի դիմումը ՀԱՊԿ-ին այլ ինչ է, եթէ ոչ հարցի միջազգայնացման փորձ, որ  անհիմն է. սահմանին բախումներ չեն եղած, իրավիճակը կայուն է, բանակցութիւնները կը շարունակուին», յայտնած  է Ալիեւի մամուլի ծառայութիւնը: