Երկուշաբթի, 17 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Պաղեստինի Դիմադրութեան ուժերը հրթիռներ արձակեցին Կազզայի շրջակայքը գտնուող իսրայէլեան կեդրոններուն եւ 1948-էն գրաւուած պաղեստինեան հողատարածքներու վրայ գտնուող սիոնիստական բնակավայրերուն ուղղութեամբ։ Պաղեստինեան լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Դիմադրութեան ուժերը բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին նաեւ Իսրայէլի ծովային տարածքին մէջ գտնուող ռազմանաւի մը վրայ, ինչպէս նաեւ Պըըր ալ Սապհ եւ Աստոտ սիոնոստական բնակավարերուն վրայ։ Դիմադրութեան ուժերը հրթիռներ արձակեցին նաեւ իսրայէլեան «Հասթրիմ» օդային խարիսխին ուղղութեամբ։ Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Պաղեստինի Դիմադրութեան ուժերուն հրթիռակոծման հետեւանքով աւելի քան 8 իսրայէլցի վիրաւոր արձանագրուեցաւ։