Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2021-ին, պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլ աւելի քան 70 օդային յարձակում գործեց Կազզայի զանազան շրջաններու վրայ, ինչպէս Ճապալիա, Պէյթ Լահիա, Շամմալա, Խան Իւնէս, Թանաթինի թաղամասը եւ այլն, թիրախ դարձնելով բնակարաններ, հաստատութիւններ եւ գիւղատնտեսական հողեր, որոնց հետեւանքով արձանագրուեցան նիւթական ահաւոր վնասներ։ Մինչեւ օրս Կազզայի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 212-ի, իսկ վիրաւորները՝ աւելի քան 1400։