«Երկիր».- ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն հաղորդած են, որ ատրպէյճանական զինուժի կողմէն իրականացուած սադրանքներէն վերջ  հայ-ատրպէյճանական սահմանային լարուածութիւնը, նախորդ օրուան համեմատ, էական փոփոխութիւններ չէ կրած: 16 Մայիսին տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործած ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներու  քանի մը խումբ վերադարձած է իրենց ելման դիրքերը: Այդուհանդերձ, զինուորականներու մէկ մասը կը շարունակէ գտնուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ:

Հարցի խաղաղ հանգուցալուծման շուրջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարը քննարկումներ  ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին, Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան Սահմանապահ Ծառայութեան տնօրէնին հետ, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած են ՀՀ-ի հաւատարմագրուած ռազմական կցորդները:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը վերստին յայտարարած է, որ բացարձակ անընդունելի է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն, եւ անկանխատեսելի հետեւանքներով յղի զարգացումներէն խուսափելու համար ատրպէյճանցի զինուորականները պարտաւոր են հեռանալու մեր երկրի տարածքէն` առանց որեւէ նախապայմանի: