«Արմէնփրէս».-17 Մայիսին Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիւանի հետ` անոր նախաձեռնութեամբ:

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ նախագահի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին կատարուած յայտարարութեան առնչութեամբ`յայտնելով անոր առանցքային նշանակութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին:

Աղբիւրին համաձայն, ամերիկեան կողմը անընդունելի եւ սադրիչ  համարած է Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ուժերուն իրականացուցած գործողութիւնները եւ տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ դիրքորոշումը պիտի ներկայացուի նաեւ ատրպէյճանական ղեկավարութեան` պահանջելով դուրս բերել իրենց ուժերը ՀՀ տարածքէն:

Խորհրդական Սալիւան բարձր  գնահատած է տուեալ իրավիճակին հայկական կողմի ցուցաբերած զսպուածութիւնը եւ հարցերը ոչ թէ ռազմական, այլ դիւանագիտական ճամբով լուծելու քայլերը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն նաեւ յայտնած են, որ ամերիկեան կողմը իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու առնչութեամբ եւ ընդգծած է անոնց վերադարձի ապահովման կարեւորութիւնը:

ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականը բարձր  գնահատած է ժողովրդավարութեան ամրապնդման հարցով Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը եւ հաւաստիացուցած է, որ ԱՄՆ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին ժողովրդավարական օրակարգի յառաջմղման հարցերու մէջ: