«Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանին եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցներու հետեւանքով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լէ Տրիան կոչ ուղղած է Պաքուին եւ Երեւանին համաձայնելու Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերը դուրս բերելու շուրջ:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ծագած վերջին լարուածութեան հետ կապուած` Ժան Իւ Լէ Տրիան յիշեցուցած է Ֆրանսայի խոր մտահոգութիւնն ու հաւատարմութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման: Ֆրանսան ուշադիր կը հետեւի իրավիճակին ու կոչ կ’ուղղէ կողմերուն շարունակելու երկխօսութիւնը` Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական ուժերուն անյապաղ դուրս բերումը ապահովելու նպատակով»,  շեշտած են նախարարութեան մէջ:

«Այն հարցերը, որոնք տակաւին լուծուած չեն 9 Նոյեմբերի հրադադարի մասին համաձայնագիրի կնքումէն վերջ, Ֆրանսան կը կրկնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ կողմերու միջեւ բարձր մակարդակի ուղղակի երկխօսութեան իր կոչը` տարածաշրջանի մէջ անվտանգութիւնն ու կայուն խաղաղութիւնը երաշխաւորելու առնչութեամբ բոլոր հարցերը քննարկելու», յայտնած  են Ֆրանսայի ԱԳՆ-էն: